
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի 23-րդ Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ 23 Մարտ 2019-ին, Համազգայինի Կլենտէյլի նստավայրին մէջ:
Ժողովին կը մասնակցէին մասնաճիւղերէն եւ միաւորներէն 25 լիազօր ներկայացուցիչներ, խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներ, նախկին Շրջանային վարչութեանց ատենապետներ, Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ Մանուկ Չուխաճեան եւ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան, Շրջանային վարչութեան կազմը եւ յանձնախումբերու անդամներ՝ շուրջ 65 ներկաներ։
Ժողովը հանգամանօրէն քննեց ընթացաւարտ վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրները եւ յոյժ գնահատելի գտաւ Շրջանային վարչութեան 2017-2019 երկամեայ շրջանի գործունէութիւնը: Կատարուեցան թելադրութիւններ եւ առաջարկներ Շրջանային վարչութեան յառաջիկայ գործունէութեան համար։
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւն, որ իր գումարած առաջին ժողովին՝ 27 Մարտին, ներկայութեամբ Շրջանային ժողովի դիւանին եւ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ անդամներուն՝ կազմեց իր դիւանը եւ բաշխեց պարտականութիւնները հետեւեալ ձեւով.
Քնար Գորթոշեան՝ ատենապետ
Լիւսի Չուխաճեան՝ ատենադպիր
Վարդուկ Կարապետեան՝ գանձապահ
Արփի Համբարեան՝ խորհրդական
Վիլմա Գույումճեան՝ խորհրդական
Վանիա Պապիկեան՝ խորհրդական
Գարմէն Լիպարիտեան՝ խորհրդական
Միշէլ Սաֆարեան՝ խորհրդական
Սեդա Գրիգորեան՝ խորհրդական
Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերները շնորհաւորեցին նորընտիր դիւանը եւ կազմը ու յաջողութիւն մաղթեցին անոնց յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ