Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Երկուշաբթի, 19 Մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թաթուլ Յակոբեանի «Հայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն» (արեւմտահայերէն, մեսրոպեան ուղղագրութեամբ) գիրքին շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Յակոբ Գառնէշեան, որ նշեց, թէ Յակոբեանի անունը «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ առաջին անգամ կարդացուեցաւ 2005-ին, եւ ան կրցաւ իր անունը ամրագրել լրագրողի կոչումին` հաւատարիմ եւ անկողմնակալ մնալով իր առաքելութեան:
Ապա դաշնակով ելոյթ ունեցաւ Նարէ Աղասարգիսեան, որմէ ետք «Հայեացք Արարատէն» գիրքը ներկայացուց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ նշեց, թէ գիրքի խորագիրին արարատեան հայեացքը երկկողմանի է` միաժամանակ թէ՛ դէպի Արեւմտահայաստան եւ թէ՛ դէպի ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ երկուքին ճամբով նաեւ դէպի ընդհանուր հայկական աշխարհ:
Գանտահարեան ըսաւ, որ զուտ պատմականին եւ բացառապէս քաղաքականին առընթեր ժողովրդային հանդիպումները հսկայական առաւելութիւն ապահոված են աշխատանքի վաւերականութեան եւ հաւաստիութեան առումով:
Ան աւելցուց, որ Յակոբեանի հատորին մէջ արծարծուած բոլոր խնդիրներուն նկատառումով պէտք է պատրաստուի հայ-թուրք յարաբերութիւններու պետական նոր հայեցակարգ, ուր համաձայն ըլլալով առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններուն, անոնց բնականոնացման ուղիները որեւէ ձեւով ստուեր չձգեն մեր պատմական իրաւունքներու վերականգնման եւ Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր հետեւանքներու վերացման համազգային մեր ընկալումներուն վրայ:
Շահան Գանտահարեան նշեց, որ համահայկական մեր պահանջներու ամբողջականութեան մէջ ճեղք պէտք չէ նկատուի, եւ հայկական կողմը համաձայնութիւն պէտք չէ յայտնէ հայ եւ թուրք պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի ստեղծման:
Գանտահարեանի խօսքէն ետք, ջութակով ելոյթ ունեցաւ Մարինէ Հալլաճեան, որուն դաշնակով կ՛ընկերակցէր Կարինէ Կաքկէօզեան:
Այս առիթով հերթաբար նաեւ խօսք առին Սարգիս Կիրակոսեան, Խաչիկ Տէտէեան եւ Տիգրան Ճինպաշեան:
Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ «Հայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն» գիրքի հեղինակ, «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեան, որ նշեց, թէ գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Յակոբեան շեշտեց, որ այս գիրքի պատրաստութեան համար բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն գծով պատմական մէջբերումներ կատարելէ ետք, շնորհահանդէսին առիթով Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իր գիրքերու հրատարակման, իր Լիբանան այցելութիւններուն եւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն մէջ ունեցած են իրենց նիւթական եւ բարոյական մասնակցութիւնը: Ան հաստատեց, որ այսօր Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները սառեցուած են, եւ թուրքերը լաւապէս գիտեն, որ այս գծով հայերը յստակ պահանջներ ունին:
Ապա Յակոբեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն եւ մակագրեց գիրքերը:
Քաղուած՝ «Ազդակ» օրաթերթէն (20 Մարտ, 2012)