
«Թատրոնը երկրորդ եկեղեցի է։ Անիկա տեսակ մը տաճար է մարդկային բարքերը կրթելու համար»
Խրիմեան Հայրիկ
Հայ թատրոնը բոլոր ժամանակներուն մէջ միշտ ունեցած է ձգտումը դէպի վեհն ու գեղեցիկը, արծարծելով հայ մարդը յուզող զանազան խնդիրներ, որովհետեւ միակ մտահոգութիւնը հայ մարդն է եւ անոր ժամանակի հոգերը, թերութիւնները, տառապանքը, ինչպէս նաեւ՝ համամարդկային հարցադրումները։
Հայ կեանքէն ներս հայ թատրոնի անհրաժեշտ ներկայութեան գաղափարէն մեկնած, Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ թատերական յանձնախումբը ձեռնարկեցին «Սէրը Ճամպրուկի Մէջ» (Թաքսի-Թաքսի) կատակերգութեան, որ ներկայացուեցաւ 3 Օգոստոս 2025-ի երեկոյyան ժամը 8։00-ին, Քեսապի «Սարդարապատ» սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան։
Ելոյթին ներկայ էին Հոգեշնորհ Հայր Եսայի վրդ. Էօրտէքեան, Գերյարգելի Հայր Գառնիկ Ծայրագոյն Վրդ. Յովսէփեան, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներ, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեան եւ Շրջանային Վարչութեան անդամ Սօսի Կարճիկեան, ազգային մարմիններ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ քեսապահայ հոծ բազմութիւն։
Քաջալերելի էր մշակութասէր քեսապցիին ոգեւորութիւնը։ Ան հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, կը շարունակէ ոչ միայն անխախտ պահել Քեսապի մշակութային կեանքը, այլ նաեւ՝ զարգացնել եւ ուռճացնել զայն։
Բացման խօսքով թատերական յանձնախումբի անդամ Միրնա Տէկիրմէնճեան Տէմիրճեան ըսաւ. «Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը 97 տարուան իր հարուստ պատմութեան ընթացքին նպատակ ունենալով պահել, պահպանել եւ փոխանցել հայ լեզուն եւ մշակոյթը, հիմնեց դպրոցներ, թատրոններ, երաժշտախումբեր եւ միջոց չխնայեց սերմանելու հայեցի դաստիարակութիւն եւ գեղարուեստական ճաշակ» ։ Ապա շեշտեց, որ քեսապցին միշտ յատուկ ուշադրութիւն ընծայած է թատրոնին՝ որպէս մշակութային կարեւորագոյն ազդակ, բեմականացնելով եւ ներկայացնելով բազմաթիւ թատերախաղեր թէ՛ Քեսապի եւ թէ Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ, ի պատիւ նուիրեալ եւ մշակութասէր միութենականներու։
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:
