Եւրոպա

Երկուշաբթի, 18 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Գրիգոր Պըլտեան ներկայացուց Զարեհ Որբունիի «Թեկնածուն» վէպը, «le candidat»՝ ֆրանսերէնի թարգամանութիւն Մարք Նշանեանի եւ հրատարակուած Փարանդէզի հրատարակչատան կողմէ:
Երեկոյի բացումը կատարեց Համազգայինի Փարիզի անունով Արփի Շիրվանեան, ան հանրութեան ներկայացուց կենսագրական տեղեկութիւններ դասախօսին եւ վիպագիրին մասին:
Մօտ 50 հանդիսատեսներ, մեծ հետաքրքրութեամբ, հետեւեցան Պըլտեանի բացատրութիւններուն Որբունիի գրական գործերուն գծով, ֆրանսա հաստատուող առաջին սերունդի մտորումներուն եւ այդ սերունդի գրական երկերու յատկանիշներուն մասին: