ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ
15 Յունուար 2015-ին, կազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Արցախեան պատերազմի մասին պատմող «Թեւանիկ» ֆիլմը ցուցադրուեցաւ Ուաշինկթընի հայկական Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ:
Ցուցադրութեան ներկայ էին Ուաշինկթընի մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցիչները: Արցախի գրասենեակէն Ռոպէրթ Աւետիսեան իր խօսքին մէջ կարեւորեց Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ ճշմարտութիւնը նաեւ արուեստի միջոցով յայտնի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը, իսկ դեսպան Տիգրան Սարգսեանի խօսքով` միջազգային մրցոյթներուն ֆիլմին յաջողութիւնը կը վկայէ, որ «Թեւանիկ»ը կրնայ դիտել եւ դրական ընկալել ոչ միայն հայ հանդիսատեսը, այլեւ՝ օտարը:
Արցախցի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան ներկայացուց նաեւ նոր ֆիլմ նկարահանելու ծրագիրը, որ կը կոչուի «Վերջին Բնակիչը»: