
Չորեքշաբթի, 11 Ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ նախկին նախարար փրոֆ. Իպրահիմ Նաժժարի, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ժերար Աւետիսեանի «Ի պատիւ նախնիներուն» թեմայով խառն թեքնիք, աքրելիք եւ կտաւ ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ մեծաթիւ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մերի Չոլոյեան, որ նշեց, թէ արուեստագէտ Ժերար Աւետիսեան լիբանանեան ընկերութեան մէջ հանրածանօթ դէմք մըն է, որ ունի գեղարուեստական եւ ոճային բնորոշ իւրայատկութիւններ: Չոլոյեան ըսաւ, որ Աւետիսեանի գործերուն մէջ միշտ ալ նորութիւններ գոյութիւն ունին, եւ իր ստեղծագործութիւնները արժանացած են արուեստասէր հասարակութեան գնահատանքին:
Ապա խօսք առաւ նախկին նախարար փրոֆ. Իպրահիմ Նաժժար, որ յայտնեց, թէ Ժերար Աւետիսեանի բոլոր գործերուն մէջ յստակօրէն կ’երեւին հայկականութիւնը` տարազներուն, գոյներուն, երանգներուն եւ տիպարներուն ընդմէջէն: Նաժժար շեշտեց, որ արուեստագէտը իր ստեղծագործութիւններուն ճամբով կը ներկայացնէ հաւաքականութեան արժէքները: Ան ըսաւ նաեւ, որ լիբանանահայութիւնը լիբանանեան ընկերութեան կարեւոր մասնիկն է, եւ Ժերար Աւետիսեանը հայութեան եւ լիբանանցիներուն միջեւ կամուրջ հանդիսացող կապերէն մէկն է:
Զոյգ խօսքերէն ետք գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Կիլիկիա» պարախումբը:
Ժերար Աւետիսեան «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կը ցուցադրէ 35 ստեղծագործութիւններ, որոնց մէջ կը ներկայացուին հայկական տարբեր շրջաններէ տիպարներ` իրենց հագուածքով եւ շրջապատով:
Ստեղծագործութիւններուն մէջ կան շունչ եւ ոգի, իսկ օգտագործուած միջոցներու եւ գոյներու այլազանութիւնը գործերուն տուած է յաւելեալ որակ եւ հարստացում:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 23 Ապրիլ 2012, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00: