Ուրբաթ 1 Փետրուար 2008 ցնծութեան օր էր Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի աշակերտութեան, ուսուցչական կազմին եւ դպրոցի զանազան աստիճանի պատասխանատուներուն համար: Այդ օրը դպրոցը պիտի ընդունէր Պուշ-Տիւ-Րոն նահանգի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ՝ պարոն Ժան-Նոյել Կերինին: Ժամադրութենէն առաջ հոծ բազմութիւն մը լեցուցած էր դպրոցի բակը եւ «Լուսին Մալիքեան» ընդարձակ խաղավայր-սրահը:
Մեծարգոյ հիւրը ժամանեց կէսօրէ ետք ժամը 4-ին: Զինք դիմաւորեցին վարժարանի տնօրէնուհի ընկերուհի Սեդա Պիպերեանը, դպրոցի խնամակալութեան ատենապետուհի ընկերուհի Քլեմանս Թիւթելեանը եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութենէն՝ այս առիթով Մարսէյ հրաւիրուած ընկերներ Սուրէն Սարգիսեանը եւ Մկրտիչ Մկրտիչեանը:
Խանդավառ մթնոլորտի մէջ աշակերտները երգեցին «Մարսէյեզ»ը եւ «Մեր Հայրենիք»ը յուզելով բոլոր ներկաները: Բարի գալուստ մաղթելէ ետք՝ ընկերուհի Ք. Թիւթելեան կատարեց դպրոցի հակիրճ պատմականը. յատկապէս՝ շնորհակալութիւն յայտնեց պարոն Ժ. Ն. Կերինիին անոր ցուցաբերած տեւական գուրգուրանքին համար: Նշեց նաեւ՝ որ դպրոցի ներկայ կառոյցի շինութիւնը ատենին կարելի դարձած էր շնորհիւ Պուշ-Տիւ-Րոն նահանգի ընդհանուր խորհուրդի նախագահութեան իշխանական յատկացումին: Ան արտայայտեց այն վստահութիւնը, որ ապագային եւս պարոն Ժ. Ն. Կերինին պիտի շարունակէ սատարել դպրոցական կառոյցի յաւելեալ բարգաւաճման: Ընկերուհին ըսաւ նաեւ, որ ներկայիս դպրոցի խնամակալութիւնը դրուած է դպրոցին համար կարեւոր՝ մարզասրահի եւ թատերասրահի մը շինութեան մարտահրաւէրին առջեւ: Իր խօսքի վերջաւորութեան ան խօսքը փոխանցեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեանին:
Մկրտիչ Մկրտիչեան, կարծես դառնալով ներկաներու մտածումներու մեկնաբանը, երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսքեր փոխանցեց հիւրին եւ իրեն ներկայացուց Համազգայինի յուշանուէր-քրիսթալը, որ ցարդ յանձնուած է միայն Ֆրանսացի պետական այն անձնաւորութիւններուն, որոնք նպաստած են Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի յառաջդիմութեան իրենց բարոյական նեցուկով կամ շօշափելի նիւթական յատկացումներով:
Պարոն Ժ. Ն. Կերինի զգացուած՝ խօսք առնելով վերահաստատեց հայ համայնքին եւ առ հասարակ հայութեան հանդէպ իր ունեցած համակրանքը: Ան բաղդատականը ըրաւ հայութեան եւ իր ծննդավայր՝ Կորսիկայի ժողովուրդի նկարագրական գիծերուն եւ խօսեցաւ նմանութիւններոււն մասին. յիշեց այն օժանդակութիւնները, զոր ինք կատարել տուած է շատ անգամ զգացական տպաւորութեան մը տակ. յիշեց մանաւանդ, թէ ի°նչպէս վերջերս Գիւմրիի որբանոցին տուած իր այցելութեան ընթացքին որբ աղջնակի մը աչքերու տխրութենէն ազդուած ստանձնած է որբանոցի հիմնական վերանորոգման բոլոր ծախսերը: Վերջապէս՝ անսալով նաեւ ներկաներու լուռ կոչերուն ան յայտարարեց, թէ Պուշ-Տիւ-Րոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահութիւնը Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի համալիրի նոր շինարարական աշխատանքներուն համար կը տրամադրէ 1.350.000 (մէկ միլիոն երեք հարիւր յիսուն հազար) եւրոյի գումար մը:
Աւելորդ է ըսել, որ այս յայտարարութիւնը խլեց ներկաներու որոտընդոստ ծափերը: Հանդիսութենէն ետք հիւրեր եւ ներկաներ, աշակերտներ ու ծնողներ վարժարանի վայրէն հեռացան մեծ գոհունակութեամբ: