
«Հայկական Սփիւռքի լուսանկարչութիւնը» նիւթին մասին շահեկան դասախօսութիւն մը տուաւ գրականագէտ Կարէն Ջալլաթեան, որ Մոնթրէալ հրաւիրուած էր Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ՝ իր մասնակցութիւնը բերելու համար Լեւոն Շանթ հայերէնագիտական դասընթացքին՝ ներկայացնելով Վահէ Օշականի թատրոնը։
Բնիկ գիւմրեցի, Ջալլաթեան հասակ առած եւ ուսանած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ. 2019-ին Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ, Ըրվայն, պաշտպանած է Բաղդատական գրականութեան դոկտորական՝ տեսաբանելով հայկական Սփիւռքը եւ նիւթ ընտրելով Կարինէ Թորոսեանի շարժանկարները, ինչպէս նաեւ Գրիգոր Պըլտեանի եւ Վահէ Օշականի հեղինակած գործերը։ Այժմ Պուտափեշտ կ՚ապրի ու սփիւռքեան նիւթեր կը դասաւանդէ Պազմանի Պէտէր կաթողիկէ համալսարանի նոր կազմաւորուող հայագիտական բաժանմունքին մէջ։ Ան նաեւ մաս կը կազմէ «Բագին»-ի խմբագրութեան։
Դասախօսութիւնը, կազմակերպուած Համազգային Քեպէգի Սանահին մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին կողմէ, Հայ կեդրոնի թիւ 3 հաւաքասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 24 հոկտեմբեր 2025-ին։
Դասախօսը անդրադարձաւ լուսանկարչութեան ընծայած կարելիութիւններուն՝ հասկնալու համար Սփիւռքի կազմաւորման գործընթացներն ու անոր պատմութիւնը։ Ան մատնանշեց ազգայնութեան զարգացման եւ լուսանկարչութեան առնչութիւնները, յիշեց կարգ մը ռահվիրայ լուսանկարիչներ Սփիւռքէն, ցոյց տուաւ յատկանշական լուսանկարներ հինէն ու նորէն, արուեստի գործեր ըլլան անոնք, թէ պատահական նկարներ, որոնք ամէն պարագայի կը նպաստեն պատմական յիշողութեան պահպանման։
Լուսանկարչութիւնը, – ըսաւ դասախօսը, – մշակոյթներու հանդիպման խաչմերուկ է, ինքնութիւններու եւ մշակոյթներու փոխազդեցութեան դաշտ։
Ան դիտել տուաւ, թէ դժբախտաբար ցարդ գիտական ուսումնասիրութիւն չէ կատարուած այս ուղղութեամբ եւ շեշտեց կարեւորութիւնը պահելու մեր անձնական լուսանկարչական արխիւը ու զայն փոխանցելու պատկան հաստատութեան մը, որ կորուստի չենթարկուի։
Ջալլաթեան այս մարզէն ներս որոշ աշխատանք կը կատարէ։
Այս յատուկ նիւթին նուիրուած դասախօսութիւնը ստեղծեց մեծ հետաքրքրութիւն եւ դասախօսութենէն ետք եւս ներկաները շարունակեցին զրուցել դասախօսին հետ։
Վ-Ա. Ա.
