
Շաբաթ, 18 Յուլիս 2026-ին, հովանաւորութեամբ համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի վարչութեան տեղի ունեցաւ Լանա Հատատի նկարչական ցուցահանդէսը:
Մեզի համար առանձնայատուկ ուրախութիւն է մեր վարչութեան հովանաւորութեամբ ներկայացնել մեր մասնաճիւղի աշխոյժ, նուիրեալ եւ արուեստասէր անդամուհիներէն Լանա Հատատի առաջին անհատական նկարչական ցուցահանդէսը՝ «Սիրալից սրտով եւ գունազարդ վրձինով»։
Այս խորագիրը լաւագոյնս կ'արտայայտէ այն զգացումները, որոնք կեանք կ'առնեն իր ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Ներկայացուած 26 գործերը միայն նկարներ չեն, այլ անոնք իր հոգիին, երազանքներուն, զգացումներուն եւ ստեղծագործ աշխարհին անկեղծ ու գեղեցիկ արտացոլումն են։
Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի անունով սրտանց կը շնորհաւորենք Լանա Հատատը իր առաջին անհատական ցուցահանդէսին առիթով եւ իրեն կը մաղթենք շարունակական յաջողութիւններ, ստեղծագործ բեղուն ընթացք եւ անսպառ թռիչք արուեստի աշխարհին մէջ:
