
Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2024-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կիպրոսի Կազմի Վարչութեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Վահրամ Իւթիւճեան» սրահէն ներս, երեկոյեան ժամը 8-ին, տեղի ունեցաւ մեծահամբաւ ջութակահար եւ աշխարհահռչակ «Չիլինկիրեան Քառեակ»ի հիմնադիր Լեւոն Չիլինկիրեանի պարգեւատրումը Համազգայինի Շքանշանով, ձեռամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Սեպուհ Այնթապլեանի:
Ներկայ էին Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը, Արժ. Տ. Մաշտոց եւ Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հայրերը, Ազգային Իշխանութեան եւ գաղութի կազմակերպութիւններու ատենապետներ, անդամներ եւ գաղութի բազմաթիւ անդամներ։
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի բացման խօսքէն ետք Վարդան Թաշճեան ներկայացուց Լեւոն Չիլինկիրեանի կեանքն ու բեղուն գործունէութիւնը, յատկապէս՝ ջութակի մենակատարումները բազմաթիւ երկիրներու սիմֆոնիկ նուագախումբերուն հետ, ինչպէս նաեւ՝ անոր հիմնած «Չիլինկիրեան Քառեակի» երկարամեայ ուշագրաւ գործունէութիւնը։ Յաջորդեց Կիպրոսի արուեստի ու երաժշտական կեանքի հիմնական կազմակերպիչներէն Կարօ Քեհէյեանի անգլերէնով ելոյթը, որ դրուատեց Լեւոն Չիլինկիրեանի կատարած գործը նշելով, որ ան համաշխարհային համբաւ ունի եւ Կիպրոսը պէտք է հպարտ զգայ իր հարազատ զաւակին յաջողութիւններով։
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Սեպուհ Այնթապլեանը ու կատարեց շքանշանի տուչութիւնը, որմէ ետք, Լեւոն Չիլինկիրեան արտասանեց իր սրտի խօսքը, մէջբերելով հին յուշեր եւ իր մօրեղբօր՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Վահան Պէտէլեանի շնորհաբեր ազդեցութիւնը իր կեանքին ու ասպարէզին մէջ: Իր խօսքի աւարտին ան իր մօրեղբօր հին ջութակին վրայ նուագեց Կոմիտասի «Ծիրանի Ծառ»ը խանդավառ ծափահարութիւններ խլելով ներկաներէն։
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան ջութակահարներ Յասմիկ Սարգսեան եւ Վառվառա Պերզլովա-Պանեւա, որոնք նուագեցին Կոմիտասի «Ալ Այլուղս» եւ «Շողեր Ջան» կտորները: Վերջաւորութեան ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Սիփան» պարախումբէն եռեակ մը հայկական պարով:
Երեկոն աւարտեցաւ Գերշ. Սրբազան Հօր փակման խօսքով ու «Պահպանիչ» աղօթքով: Յաջորդեց՝ համեստ հիւրասիրութիւն: Ամբողջ յայտագիրը առցանց սփռուեցաւ «Gibrahayer EMagazine – Կիպրահայեր» Էջին միջոցաւ: