
Նիկոսիայի հայութիւնը 28 Փետրուարի երեկոյեան հոծ ներկայութեամբ վայելեց հայ երաժշտութեան նուիրուած բացառիկ երեկոյ մը, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանին եւ Համազգայինի Նիկոսիայի «Յակոբ Օշական» Մասնաճիւղին։ Երեկոն իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Թեմիս Կաթ․ Փոխանորդ Տ․ Կոմիտաս Արք․ Օհանեանը, Հայ Համայնքի Պետ․ Ներկայացուցիչ Տէր եւ Տիկին Վարդգէս Մահտեսեանները, հայ եւ օտար հոգեւոր հայրեր։
Այդ երեկոյ, Նիկոսիայի Ս․ Աստուածածին եկեղեցիի կամարներուն տակ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանէն ժամանած «Լիլլա» Ձայնային Քառեակը, որ իր երգացանկով՝ հոգեւոր մեղեդիներէն մինչեւ անկրկնելի Կոմիտաս, յուզումով, բերկրութեամբ եւ ազգային հպարտութեամբ ողողեց ներկաներուն հոգիները։
Քառեակին երիտասարդ ու տաղանդաւոր անդամները՝ Տիանա Այվազեան, Աննա Խաչատրեան, Մարիաննա Գէորգեան եւ Մարիամ Յովհաննիսեան, հմտութեամբ ու խոր զգացումով մեկնաբանեցին բոլոր երգերը, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Տիկին Զարա Բարխուդարեանի։
Կոմիտաս Սրբազան իր փակման խօսքին մէջ օրհնեց շնորհալի երգչուհիները եւ զանոնք անուանեց Լուսինէ Զաքարեանի սարկաւագուհիները։ Ան ներկաներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց եւ պատգամեց՝ աւելի մեծ եռանդով շարունակելու իրենց առաքելութիւնը, քանի՝ «հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը աշխարհի բոլոր հոգեւոր երաժշտութիւններուն մէջ բացառիկ է ու ամենէն սքանչելին»։
Քառեակի անդամուհիներէն Տիանա Այվազեան Քառեակին անունով շնորհակալական խօսքեր արտասանելէ ետք, յուշանուէր մը յանձնեց Համազգայինի Կիպրոսի Մեկուսի Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանին։
Այս յիշարժան երեկոն եւս մէկ անգամ հաստատեց հայկական երաժշտութեան ուժն ու անոր առանցքային դերը՝ մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ գալիք սերունդները ներշնչելու գործին մէջ։