
Ուրբաթ 16 Սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «ՏԱԹԵՒ» Մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին տեղի ունեցաւ ԼԻՌԷՈՆ ԽԱՅՐ վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութիւն, ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ԵՒ ԱՅՆՃԱՐԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի Փոստաճեան սրահէն ներս, ներկայութեամբ հարիւրէ աւելի հայորդիներու:
Ձեռնարկի բեմավարուհին՝ Ազիկ Գէորգեան հակիրճ անդրադարձաւ տեսերիզի էութեան, յիշելով՝ որ պատրաստուած է գանատահայութեան հանրածանօթ՝ ՀԱՅ ՀՈՐԻԶՈՆ հեռատեսիլի կայանի տնօրէն եւ հաղորդավար Թամար Շահինեանի կողմէն: Յիշատակելով նաեւ, որ սոյն ձեռնակի հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի այնճարահայութեան տնտեսական կարիքներուն:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ներկաներու մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցելով վերջին օրերուն նահատակուած հայկական բանակի զինուորներու անմահ յիշատակին: Եղան շարք մը յայտարարութիւններ մասնաճիւղի յառաջիկայ գործունէութեան շուրջ: Ետքը անցան տեսերիզի ցուցադրութեան, վայրկեաններ անց նկատելի էր սրահին մէջ տիրած լռութիւնը, երբ հանդիսատեսը ամբողջութեամբ իր ներաշխարհով կը փոխադրուէր ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՇԽԱՐՀ, ուր կը լսուէր գլգլացող աղբիւրներու ձայնը: Ներկաները ապրեցան կանաչ մարգագետիններու վրայ ներկայութիւն ըլլալու երազանքը: Դժբախտաբար ակնթարթի մը պէս անցաւ ժամանակը, փոխանցելով յատկապէս հարուստ աւանդ մը Մուսա լեռնցիի գոյատեւման հոգեբանական առկայ գաղտնիքի տուեալները:
Աւարտին մասնաճիւղը իր երախտագիտական խօսքը փոխանցեց տեսերիզի բեմադրիչ Թամար Շահինեանին, ըսելով. «Ահաւասիկ անգամ մը եւս ձեր կատարած ծառայութիւններու շղթային վրայ օղակ մը աւելցուցիք, թերեւս բառերով կարելի չէ բնութագրել ձեր անսակարկ նուիրումը ներազգային զանազան բնագաւառներէն ներս: Թող ձեր պայծառատեսութիւնն ու աշխատունակութիւնը ներթափանցեն ու խթան հանդիսանան իւրաքանչիւր ազգայինի ու միութենականի: Բոլորին անունով կը շնորհաւորենք ձեզ , դուք դարձաք բարի նախանձ ձեւաւորող մեքենայի : Ներկաներու ծափողջոյններով բեմ հրաւիրուեցաւ բեմադրիչը՝ փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Այնճարի հայ աւանի քաշողականութեան եւ լիարժէք հայրենի աշխարհի մէկ մասնիկը ըլլալու հանգամանքին: Ապա այս առթիւ բարձր գնահատեց «ՏԱԹԵՒ» մասնաճիւղի գործունէութիւնն ու աշխուժացումը գաղութէս ներս: Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ դպիրներէն՝ Ռազմիկ Կարպուշեանի կողմէ արտասանուած ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻ աղօթքով:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ՏԱԹԵՒ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ