
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի «Արմենիա Արթ Ֆեր» միջազգային ցուցահանդէսին:
Ուրբաթ, 27 Մայիս 2022-ին, Երեւանի «Yerevan expo center»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Արմենիա արթ ֆեր» միջազգային ցուցահանդէսին բացումը, որ կը համախմբէ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ Ասիայէն մեծ թիւով ցուցասրահներ եւ արուեստագէտներ: Յայտնենք, որ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը այս ցուցահանդէսին մասնակցութեամբ կը նպատակադրէ լիբանանեան ժամանակակից գեղանկարչութիւնն ու քանդակագործութիւնը ծանօթացնել օտար շրջանակներու: Այս առիթով Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը ներկայացուց արուեստագէտներ` Ղասսան Օուէյսի, Ռիթա Հասուանիի եւ Սթեֆանի Սանոսեանի գործերը: Համազգայինի տաղաւար այցելեցին մեծ թիւով հայ եւ օտար արուեստասէրներ, ինչպէս նաեւ այս ցուցահանդէսը առիթ մը հանդիսացաւ, որ յաւելեալ թիւով արուեստագէտներ ծանօթանան Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի գործունէութեան: «Արմենիա արթ ֆեր» ցուցահանդէսին տեւողութիւնն էր 27-30 Մայիս 2022: