Արցախ

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան աջակցութեամբ, Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակի առիթով լոյս տեսաւ Արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի «Արցախ.անաւարտ պատերազմ» հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն եռալեզու պատկերագիրքը, բաղկացած երեք մասերէ` Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը, պատերազմէն ետք իրավիճակը եւ Արցախի շարունակուող շրջափակումը։
Պատկերագիրքը ստանալու համար կարելի է դիմել Համազգայինի շրջանային Վարչութիւններուն եւ գրասենեակներուն կամ ե-նամակով, գրելով artsakh@hamazkayin.com հասցէին։
Գիրքը կը տրամադրուի նուազագոյնը 50 ամ. տոլարի նուիրատուութեան փոխարէն։