
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Մուշեղ Իշխանի «Արդի հայ գրականութիւն» եռահատոր շարքը։ Վերստուգման եւ սրբագրութեան աշխատանքները կատարեց Կարօ Յովհաննէսեան, գեղարուեստական ձեւաւորումը՝ Մեղրի Շամմասեան, իսկ գրաշարութիւնը՝ Անգինէ Խտըրլարեան։
Մուշեղ Իշխանի «Արդի հայ գրականութիւն»ւ կ՛ընդգրկէ 1850-1915 երկարող ժամանակաշրջանի մեր գրականութիւնը՝ արեւմտահայ եւ արեւելահայ։ Ա․ հատորը՝ Զարթօնքի շրջան (1850-1885), Բ․ հատորը՝ Իրապաշտ շրջան (1885-1900) եւ Գ․ հատորը՝ Գեղապաշտ շրջան (1900-1915)։
Մուշեղ Իշխան խորացումով եւ բաւարար ծաւալով տուած է գրեթէ մէկ դարու կարեւոր ու ներկայացուցչական հանգամանք ունեցող հայ գրագէտներն ու բանաստեղծները—կենսագրական գիծերը, անոնց գործերու մասին ծանօթութիւններ, գրական յատկանիշներու բնութագրում, ինչպէս նաեւ՝ հեղինակները յատկանշող քանի մը կտոր։ Կտորներու իմաստին, խորքին եւ գեղարուեստական արժէքին ուսումնասիրութիւնը դիւրացնելու համար Մուշեղ Իշխան կազմած է ոչ միայն բառերու ցանկ, այլեւ՝ հրահանգներու բաժին։ Հիմնական հեղինակներու կողքին, ան ներկայացուցած է նաեւ երկրորդական դէմքերը՝ իբրեւ լրացուցիչ օղակներ մեր գրականութեան։
Դէմքերու ներկայացման ատեն Մուշեղ Իշխան առաջնորդուած է երեք սկզբունքներով—յատկութիւն, պարզութիւն եւ առարկայականութիւն։
Պատմական ամփոփ ակնարկներով պատկերացուցած է իւրաքանչիւր շրջանի քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ լեզուական պայմանները, առանց որոնց կարելի չէ հասկնալ սերունդներու նկարագրային տարբերութիւնը եւ արուեստի ըմբռնումները։
Հեղինակներու ներկայացման ընդհանրապէս կ՛ընկերանայ ընթերցում մը՝ կապուած անոնց կեանքին, մահուան, աշխատելու եղանակին կամ արուեստի ըմբռնումին։ Մուշեղ Իշխան պարբերաբար տուած է նաեւ գրաբանական հակիրճ ծանօթութիւններ՝ գրական սեռերու եւ գրական դպրոցներու մասին։
Մուշեղ Իշխանի այս հատորները գործնական ու մատչելի դասագիրքեր են, որոնք կը դիւրացնեն թէ՛ հայ գրականութեան ուսուցիչին եւ թէ աշակերտին գործը։ Մանկավարժական նկատառումներէ մեկնելով, ան չի կատարեր երկար ու մանրազնին վերլուծում։ Հեղինակներու արժէքի եւ յատկանիշներու վերաբերեալ տուած է ան՝ ինչ որ պէտք է գիտնայ աշակերտը։ Վերացականութիւն չունի։ Ան համադրած է անժխտելի ճշմարտութեան վերածուած դատումներ։
Մուշեղ Իշխանի նպատակը եղած է հայ գրականութիւնը ներկայացնել ճշգրիտ չափանիշերով եւ դիւրըմբռնելի եղանակով։