Բագին

Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում, որուն ընթացքին երիտասարդ դերասան Հրայր Գալեմքերեան ներկայացուց թատերագիր եւ արուեստաբան Լեւոն Մութաֆեանի «Պատուալի Վաղոն» թատերական երկը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Բագին»-ի խմբագիր Յակոբ Պալեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Լեւոն Մութաֆեանը` շեշտելով, որ գրական շունչ ունենալու կողքին ան ժրաջան աշխատող է, հեղինակ է աւելի քան 30 գիրքերու, կատարած է մեծաթիւ թարգմանութիւններ եւ աշխատութիւններ: «Պատուալի Վաղոն», ըստ Պալեանի, յատկապէս կարեւոր է այն իմաստով, որ անիկա մեր պատմութեան կարգ մը էջերու բեմագրութիւնն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ առիթ կայ մեր պատմութիւնը բեմականացնելու, բան մը, որ չէ եղած պէտք եղածին պէս: