
Հանդիսավար եւ համազգայնական՝ Ռուբէն Մնացականեան, կը հրաւիրէ ներկաները յոտնկայս մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու վաստակաւոր դերասան, թատերագիր եւ համազգայնական՝ Սօս Սարգսեանի յիշատակը, որ վերջերս մահացած է Երևան։ Ապա կը սկսի հայ գիրքը եւ հեղինակը մեծարելու ծրագիրը, որ կազմակերպուած է Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի գրատարած յանձնախումբի կողմէ։
Թուականը՝ Կիրակի Սեպտեմբեր 29, 2013 է, կ.վ. ժամը 2։30 է։ Արդէն, 80-է աւելի գրասէրներ հաւաքուած են Համազգայինի Յ. Մանուկեան գրադարանը։ Գիրքի խորագիրն է «Ծաղկաքաղ», իսկ հեղինակը՝ Ժանէթ Գիրէջեան։
Հանդիսավարը հակիրճ ձեւով կու տայ հեղինակին կենսագրականը եւ կը շնորհաւորէ զինք, որ ան մեր ոսկեղենիկ լեզուով բանաստեղծութիւններ հիւսած է։ Կ՚անդրադառնայ հեղինակին վաղամեռիկ ամուսինին՝ Պարգեւին համազգայնական ոգիին, հայերէն լեզուին հանդէպ ունեցած սէրին եւ բծախնդրութեան, եւ այն իրողութեան որ նոյնիսկ իրենց մականունը, որ շաղախ կը նշանակէ Թրքերէնով, վերածած է Հայերէնի՝ Գիրէջեանի փոխելով։ Արդարև Գիրէջեան ամոլը ծառայած է հայ գիրին, մէկը իր ասպարէզին ընդմէջէն որպէս գրաշար եւ միւսը՝ իր քերթուածներով։ Երկուքն ալ իրենց ներդրումը ունեցած են հայ մշակոյթին ու հայ կեանքին մէջ, մաս կազմելով Համազգայինի եւ Հ.Օ.Մ.ի։
Հ.Օ.Մ.ի Գոլոլեան վարժարանի 6-րդ կարգի չորս աշակերտներ հեզասահ եւ յստակ առոգանութեամբ կ՚արտասանեն չորս գրութիւններ գիրքէն։ Աշակերտներն են Անի Խաչատրեան, Մարիա Պարսամեան, Տարօն Սավայա եւ Էմիլ Սօլէյմանի. քերթուածներն են «Մեր Շարականները», «Ուսուցիչիս», «Հայորդի» եւ «Մօրս Յիշատակին»։
Ապա հանդիսավարը, դարձեալ ամփոփ կերպով կու տայ գիրքը ներկայացնողին՝ Սարգիս Համպոյեանի կենսագրականը։ Համպոյեանի գրական, եկեղեցական եւ ազգային ներդրումը բազմատեսակ է։ Ան որպէս ուսուցիչ, դպրապետ, խմբավար, գրադարանապետ եւ խմբագիր մեծ ներդրում ունեցած է եւ ունի մեր գաղութէն ներս։
Համպոյեան կ՚ողջունէ գիրքի գալուստը, որովհետեւ հայերէն լեզուով ծնունդ առած և լոյս աշխարհ եկած գիրքի հրատարակութիւնը տօնական օր մըն է մեր լեզուին եւ մշակոյթին համար։ Ան կը նշէ որ Թորոթոյի մէջ աւելի քան 30 հեղինակներ կան։ Կ՚արժէ յիշել քերթուածագիրները, ինչպէս՝ Մարգար Շարապխանեան, Գրիգոր Հոթոյեան, Ռուբէն Մնացականեան, Պերճուհի Շէհիրեան Սիմոնեան, Արմինէ Ինէճեան, Յարութիւն Հացունի, Կարօ եւ Րաֆֆի Սարգիսեաններ։ Իսկ հոգեւոր քերթուածագիրներն են վերապատուելի Աբրահամ Ճիզմէճեան եւ Կարապետ Սարգիսեան։
Համպոյեան կը շարունակէ ըսելով, որ «Ծաղկաքաղ»ը սիրուն կազմով, ծաղիկներու համանուագով բարի հրաւէր մըն է, որուն ետին կայ նաեւ ուժեղ նկարագրով, անհատականութեամբ եւ յստակ կեցուածքով Ժանէթ Գիրէջեանը։ Ան ունի հաւատք, ազգային պատկանելիութիւն եւ բարոյական սկզբունք։ Իր յամառ եւ լուրջ ընթերցումները զարգացուցած են իր իմաստասիրութիւնը։ Ամէնօրեայ նիւթերը, իւրայատուկ եւ զգացական ապրումները հեզասահ բանաստեղծութեամբ կը ստեղծէ Գիրէջեան, տալով քերթուածին երաժշտութիւն, ճշգրտութիւն, նեդաշնակութիւն, տեսք եւ լրջութիւն։ Ան կ՚ըսէ. «կը գրեմ, որովհետեւ կ՚ուզեմ բաժնել իմ զգացումներս, ի մտի ունենալով Հիւսիսային Ամերիկայի նոր սերունդի պարմանները եւ պարմանուհիները։ Այդ, արդէն կը տեսնենք իր պարզ և մատչելի ձևով իր բանաստեղծական հիւսուածքին մէջ։
Յիսունութ քերթուածներ կան «Ծաղկաքաղ»ին մէջ, ընտանեկան, բնութեան հետ կապ ունեցող, ազգային, կրօնական նիւթերու շուրջ, նաեւ՝ երեք հատ նուիրուած իր շատ սիրելի կազմակերպութեան՝ Հ.Օ.Մ.ին։ Գիրէջեան զարմանալի դիւրութեամբ կը ներկայացնէ այլապէս կնճռոտ նիւթեր, ինչպէս՝ մարդկային կեցուածքներ եւ դիտողութիւններ։ Հայ ընթերցողին կու տայ վայելք եւ գեղեցկութիւն։ Համպոյեան կ՚աւարտէ իր անդրադարձը մաղթելով Գիրէջեանին, որ գրիչը միշտ արձագանգ ըլլայ իր սրտին եւ մտքին։
Հանդիսավարը կը հրաւիրէ քերթուածագիր Ժանէթ Գիրէջեանը իր սրտի խօսքը փոխանցելու։ Ան կ՚ըսէ. «Հայ գիրը եւ գիրքը սրտիս շատ մօտ են եւ հրահան եղած են ինծի համար։ Գիտեմ այլ լեզուներ, բայց Հայերէնը եղած է առաջնակարգ»։
Ձեռնարկին պաշտօնական մասը կ՚աւարտի, եւ կը սկսի գիրքի մակագրումն ու ընկերային մթնոլորտը՝ հիւրասիրութեան ընթացքին։
Սեպտեմբեր 30. 2013
Արշօ Զաքարեան