Եօթը ամսուան բացակայութենէ ետք, մանկական երգերու մեկնաբան Մակին դարձեալ վերադարձաւ Լիբանան՝ Նոր տարուան առիթով Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա կատարած իր շրջապտոյտներուն եզրափակիչ ելոյթները ներկայացնելու համար «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Մակիի ելոյթներուն առաջինը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 2 Յունուար 2008ին՝ կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, ուր փոքրիկները շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ծափեցին, երգեցին ու պարեցին Մակիին եւ Նոր տարին ներկայացնող տիպարներուն ընկերակցութեամբ: Ձեռնարկի աւարտին փոքրիկները սրահէն մեկնեցան ուրախ տրամադրութեամբ: