
Ուրբաթ, 31 Մայիս 2024-ին, Ճեմարանի Յարութիւն եւ Ազնիւ Պզտիկեան պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ կալա-ընդունելութիւն մը, ներկայութեամբ աւելի քան 100 անձերու։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ճեմարանի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան, ապա խօսք առաւ տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, որ հակիրճ ակնարկով զեկուցեց Ճեմարանի աշակերտութեան թիւին, կրթական ու այլ ծրագիրներուն եւ արձանագրած յաջողութիւններուն մասին։ Այնուհետեւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցան նախորդ տարիներու իրագործումներն ու յառաջիկայ ծրագիրները։ Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն։
Աւարտին, Արին Գալուստեան յայտարարեց, որ արդէն հաւաքուած է 39.400 ամ. տոլար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, մաղթելով որ յառաջիկայ օրերուն գումարը աճ արձանագրէ։ Ձեռնարկը առցանց սփռուեցաւ, եւ արտերկրէն եւս նուիրատուներ ոգեւորուած իրենց խոստումները արձանագրեցին։
Անգամ մը եւս ջերմօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր նուիրատուներուն եւ կը խոստանանք, որ միասնական ճիգերով պիտի յաջողինք իրագործել մեր բոլոր ծրագիրները։