
Շաբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2025-ին, Կապոյտ Տնակ աշխատանոցի փոքրերը, Կաղանդը տօնեցին, Փարիզի Հայ Մշակոյթի տան մէջ։ Ջերմ եւ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ երբ փոքրերը իրենց հարազատներուն ներկայացուցին մօտ տասը մանկական երգեր, Պրն. Հայկ Սարգիսեանի խմբավարութեամբ։ Ապա աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն օգնութեամբ ներկայացուցին կարճ ոտանաւորներ եւ դիմաւորեցին Կաղանդ պապուկը։
Ներկաները հաճելի եւ ուրախ վայրկեաններ անցուցին նախքան տարուան աւարտը։
Համազգայինի եւ Կապոյտ Խաչի անդամուհիներու հիւրասիրութիւնը ամբողջացուց ձեռնարկը։
