
Շաբաթ, 28 Յունիս 2025-ին, Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, տեղի ունեցաւ «Կապոյտ Տնակ» աշխատանոցի ամավերջի հանդէսը:
Երեխաները մեծ խանդավառութեամբ ծնողներուն ներկայացուցին տարուան ընթացքին իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները:
Աշխատանոցը ունի 14 աշակերտ եւ կը գործէ Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերու հովանիի տակ:
Հանդէսի աւարտին, Հուրի Պաղտասարեան հրաժեշտի եւ շնորհակալական խօսք մը ուղղեց, «Կապոյտ Տնակ»ի հիմնադիր եւ ուսուցչուհի Տիկ. Ռօզին Թաշճեան Աթամեանին՝ իր 4 տարիներու ներդրումին աշխատանոցէն ներս։
