Եւրոպա

Շաբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2023-ին, Համազգայինի «Կապոյտ տնակ» աշխատանոցի փոքրերը տօնեցին կաղանդը իրենց ծնողներուն եւ բարեկամներուն ներկայութեամբ:
Երեքէն եօթը տարեկան երեխաները ներկայացուցին կարճ յայտագիր մը, երգերով ու արտասանութիւներով ընդունեցին Կաղանդ պապուկը եւ ստացան գեղեցիկ նուէրներ: Ապա ծնողները կազմակերպած էին ճոխ նախընթրիք մը, դիմայարդարում՝ (maquillage) եւ յատուկ խաղեր: