Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, Կիրակի, 10 Դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին հայ կաթողիկէ Ս. Աւետում եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբին համերգը, որ կը կրէր «Յոյսի ծնունդը» խորագիրը:
Համերգին բացման խօսքը Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան անունով արտասանեց Մարալ Հարպոյեան, որ նշեց, թէ հակառակ բազմատեսակ տագնապներուն` Սուրբ Ծնունդը իրեն հետ կը բերէ յոյս` խաղաղութեան, սէր եւ լոյս: Հարպոյեան ըսաւ, որ «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը իր բազմամեայ գործունէութեամբ երէկ, այսօր եւ վստահաբար վաղն ալ պիտի հետեւի Համազգայինի առաքելութեան, որպէսզի լիբանանահայ երգարուեստը շարունակէ իր երթը եւ արձանագրէ նորանոր նուաճումներ:
Երգչախումբը շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին երգեց` Բարսեղ Կանաչեանի «Ամպեր», «Գիւղի առտուն» եւ «Երգանուագ» ստեղծագործութիւնները, Զաքի Նասիֆի «Նէիլի ահլա զահրա» գործը, Սայաթ Նովայի «Դուն էն հուրին իս» եւ «Պլպուլի հիտ» գործերը, երեւանեան երգաշար, ինչպէս նաեւ` եւրոպական եւ Ամանորին նուիրուած շարք մը տօնական երգեր:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: