Վահէ Սէթեան տպարան

Երեքշաբթի, 28 Յունիս, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի պատրաստած մանկապարտէզի «Կը խաղամ, կը սորվիմ, կը մեծնամ» թիւ 2 դասագիրքի ներկայացումը:
Այս շարքի առաջին դասագիրքը լոյս տեսաւ 2019-ին եւ արդէն որդեգրուած է լիբանանահայ եւ արտասահմանի մեծ թիւով հայկական վարժարաններու կողմէ: Շարքին երկրորդ դասագիրքը լոյս տեսաւ այս տարի: Պատրաստող խումբին մաս կը կազմեն Թալին Եահնիեան, Սեդա Մածունեան, Մարիա Պիլէմճեան եւ Արազ Քելէշեան: Ծրարի գեղարուեստական ձեւաւորումը եւ նկարազարդումը կատարած է Նենսի Մումջողլեան:
Ներկայացման ներկայ գտնուեցան լիբանանահայ բոլոր հայկական վարժարաններու մանկապարտէզներու ուսուցիչներ: