Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղին, 9 Դեկտեմբեր 2023-ին «Սարդարապատ» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Կիլիկիա» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Քեսապի հայ առաքելական համայնքի հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Անի Պոյմուշաքեանի:
Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Արա Քէշիշեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին առանձնայատկութիւններուն` նկատել տալով, որ ան եղած է` վերանորոգիչ Հայ եկեղեցւոյ, համամիութենական շարժումի ռահվիրայ, աստուածաբան, բանաստեղծ, երաժշտագէտ, երգահան, շարականագիր ու տաղասաց եւ հեղինակն է մեր գեղեցկագոյն շարականներուն: Անդրադառնալով Համազգայինի 95-ամեակին Քէշիշեան ըսաւ, որ Համազգայինը 95 տարի շարունակ աշխարհասփիւռ հայ գաղութներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, դաստիարակեց սերունդներ, կրթեց եւ կազմաւորեց երիտասարդներ` ազգային եւ հայրենասիրական արժէքներով:
Այնուհետեւ երգչախումբը մեկնաբանեց հոգեւոր երգերու եւ շարականներու փունջ մը, որոնց մեծ մասը գրուած է Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին կողմէ, նաեւ` ազգային եւ ժողովրդային երգեր:
Ելոյթի աւարտին կարդացուեցան շնորհաւորագրեր, որոնք յղուած էին Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան եւ Համազգայինի Լաթաքիոյ «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղին կողմէ:
Ապա ծաղկեփունջեր եւ յուշանուէրներ յանձնուեցան Անդրանիկ վրդ. Քիւրիւմեանին եւ Անի Պոյմուշաքեանին:
Աւարտին սրբազան հայրը ուղղեց իր սրտի խօսքը: Ան նկատել տուաւ, որ երգչախումբին մեկնաբանած երգերը եւ շարականները կը կազմեն մեր նկարագիրը եւ պատգամ մը ունին մեզի փոխանցելիք, աւելցնելով, որ անոնք կու գան մեզ զօրացնելու եւ քաջալերելու այս մեր դժուար օրերու եւ դիմագրաւուած մարտահրաւէրներուն դիմաց: