Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահ

Այսօր՝ 12 Յուլիս 2022ին, Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը «Վանայ ձայն»էն սփռուած յատուկ յայտագիրով մը յարգեց՝ լիբանանահայ վաստակաշատ քանդակագործ ԿԻՒԼԷՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ-ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ յիշատակը:
Արուեստագէտի վաստակին անդրադարձան եւ անոր մասին վկայութիւններ փոխանցեցին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի եւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն՝ ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ, Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի նախկին տնօրէն՝ ԺԱՆԷԹ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ, հանգուցեալին դուստրը՝ նկարիչ ՄԱՐԱԼ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ, հայրենի քանդակագործ՝ ՌԱՖԱՅԷԼ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ, Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, արուեստաբան եւ գրագէտ՝ ՔԱՐՈԼ ԶԻԱՏԷ, Կիւլէնի աշակերտած քանդակագործներ՝ ՄՈՍԻԿ ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ եւ ՌԻԹԱ ՀԱՍՈՒԱՆԻ եւ վերջապէս Լիբանանի նկարիչներու եւ քանդակագործներու միութեան ատենապետ՝ ՄԻՇԵԼ ՌՈՒՀԱՆԱ: