Վահէ Սէթեան տպարան

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան նախաձեռնած գրատարածումի շեշտաւորման եւ հայրենի հրատարակչատուներու հետ գործակցութեան ճիգերու ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2014-ի, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան` ներկայութեամբ հայրենի թէ լիբանանահայ մտաւորականներու, մամլոյ մշակներու եւ ընթերցասէրներու:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան անունով Սիւզի Տէրտէրեանի բացման խօսքէն ետք, օրուան զրուցավար Տիգրան Ճինպաշեան ողջունեց ներկաները` ներկայացնելով զրոյցին ընդհանուր նիւթը: