ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2022-ին, Մոնթրէալի Կէօնճեան կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ Կոստան Զարեանի «Կղզին եւ մի մարդ» եւ Լօրընս Տառելի «Պրոսպերոյի Կղզին» զոյգ գործերուն միացեալ հրատարակութեան գիրքի շնորհահանդէսը, մասնակութեամբ Նիու Ճրզիէն յատկապէս հրաւիրուած գիրքի խմբագիր՝ Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի, կազմակերպութեամբ Hamazkayin Montréal-ի «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին։ Սոյն գիրքի հրատարակութիւնը նախաձեռնութիւնն էր, Համազգային Գանատայի Շրջանային Վարչութեան «Օշական Մատենաշար»ի հրատարակչական հիմնադրամի խմբագրական կազմին։
Գիրքը կը վաճառուի Մոնթրէալի, Թորոնթոյի եւ Գեմպրիճի գրատարածներուն մօտ, ամէն կիրակի առաւօտեան ժամը 10:00-2:00pm.