
Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման հանդիսութիւն-համերգը տեղի ունեցաւ Չէցվուտի Գոնգորս շքեղ համերգասրահին մէջ՝ Ուրբաթ 18 Հոկտեմբեր 2019-ին, կազմակերպութեամբ՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին եւ հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արք Նաճարեանի: Ներկայ էին 100է աւելի հրաւիրեալներ՝ քաղաքական եւ հոգեւոր բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ներկայացուցիչներ՝ հայկական գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւններու, երաշխաւորներ, հայ եւ ոչ հայ աւստրալացի երաժիշտներ, ինչպէս նաեւ՝ 500ի շուրջ հանդիսատեսներ:
Համերգի համար Երեւանէն յատկապէս հրաւիրուած էր «Հայկական Լարային Քառեակ»ը: Հանդիսավարն էր Նորա Պասթաճեան: Ի գործ դրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որ բծախնդրութեամբ պատրաստուած էր Քառեակի խմբավար՝ Աստղիկ Վարդանեանի, Նորա Պաստաճեանի եւ Փրոֆ Արամ Մինասեանի կողմէ: Յայտագիրը կը ներառէր Ասլամազեանի մշակումով Կոմիտասի 16 մանրանուագներ՝ Շողեր Ճան, Չինար Ես, Հաբըրբան, Գարուն ա, Ալ Այլուղս, Շուշիկի, Կռունկ, Ծիրանի Ծառ, Հոյ Նազան, Քելէ-Քելէ, Երկինքն Ամպել ա, Խումար, Սուրբ Սուրբ, Քելեր-Ցոլեր, Էջմիածնի Պար, ինչպէս նաեւ Ճօզէֆ Հայտընի Լարային Քառեակ Թիւ 2, Էտուարտ Միրզոյեանի Թեմա եւ Վարիացիոններ եւ Շուշանիկ, Արամ Խաչատուրեանի Սուրերու Պարը (Գայանէ Պալէ) եւ Վալս Մասքըրէյտը (Սպարտակ Պալէ), Ալեքսանդր Պօրօտինի Նոքթիւրնը եւ Ռուբէն Ալթունեանի Բերդ Պարը: Տրուած ըլլալով, որ հանդիսութիւնը ոգեկոչումն էր Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին, կազմակերպիչ յանձնախումբը յարմար նկատած էր, որ Կոմիտասը ներկայացուէր հանրութեան որպէս բազմաբնոյթ հանճար եւ համաշխարհային արժէք, բան մը, որ Նորա Պաստաճեան անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով կարողացաւ յաջողութեամբ կատարել՝ Կոմիտասի կեանքի եւ գործունէութեան մասին տալով այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնք ուսանելի էին ե՛ւ հայուն ե՛ւ ոչ հայուն համար: Այս առիթով Յանձնախումբը պատրաստած էր նաեւ բարձրորակ գրքոյկ մը, որուն մէջ իրենց խօսքը ունէին նահանգապետ Գլատիս Պէրէճիքլեան, Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը: Մանրամասնօրէն տրուած էր Կոմիտասի կենսագրութիւնը, որպէս մարդ, հոգեւորական, ազգագրագէտ, բանահաւաք, մանկավարժ ուսուցիչ, միջազգային արժէք, զարդարուած պատմական նկարներով: Գրքոյկին մէջ տեղադրուած էին նաեւ կենսագրութիւնը չորս արուեստագէտներուն՝ Սէրկէյ Ասլամազեանի, Հայտընի, Միրզոյեանի, Խաչատուրեանի, Պօրօտինի, Ալթունեանի, ինչպէս նաեւ՝ Կոմիտասի կարգ մը աշակերտներուն, յատկապէս՝ Կանաչեանի եւ Շահմուրատեանի:
Նախքան Սրբազան Հօր փակման խօսքն ու աղօթքը, բեմ հրաւիրուեցան Քառեակի անդամները, որոնք Սրբազան Հօր եւ Շրջանայինի ատենապետ Վիգէն Գալլօղլեանի կողմէ պարգեւատրուեցան յուշանուէրներով, առ ի գնահատանք իրենց բարձրորակ ելոյթին:
Իր փակման խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Քառեակի իւրաքանչիւր անդամին, կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, որոնք մեր համայնքին ներկայացուցին այնպիսի ծրագիր, որուն Մեծն Կոմիտաս արժանի էր: Սրբազանը անկիւնադարձային համարեց այս ձեռնարկը, տրուած ըլլալով որ առաջին անգամն էր, որ գաղութին մէջ հայկական քառեակ մը ելոյթ կ'ունենար: Ան գովեց համագործակցութեան ոգին, որ կը տիրէր եւ անոր արդիւնքն էր այս յաջող ձեռնարկը:
Աւելցնենք որ Համազգայինի նախաձեռնութեամբ ծնունդ առած յիշեալ համերգի յանձնախումբի աշխատանքներու իրագործման մէջ մեծ ներդում ունեցած են Համազգայինի Գրական Յանձնախումբի ժրաջան անդամները՝ գործակցելով Եկեղեցւոյ կողմէ մասնակցող անդամներուն հետ:
Համազգային Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն