
Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, «Կոմիտաս» քառեակի հարիւրամեակին առիթով, Կիրակի, 9 Մարտ 2025-ի երեկոյեան, Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրաշալի երաժշտական ձեռնարկ մը։
Հայերէնով բացման խօսքը կատարեց Տիգրան Եփրեմեան՝ ներկաներուն ծանօթացնելով «Կոմիտաս» լարային քառեակի հիմնադրութեան հանգրուանները. ան եւ յայտնեց, թէ խումբը հիմնուած է 1924-ին, Խորհրդային Հայաստանի մէջ, խումբին առաջին ջութակահար Աւետ Գաբրիէլեանի կողմէ, կրելով յայտնի հայ երաժշտաբան եւ երգահան Կոմիտաս վարդապետին անունը։ Ան աւելցուց, որ քառեակը մինչեւ այսօր դերակատար է հայկական դասական եւ ազգագրական երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ արեւմտեան դասական երաժշտութիւնը ծանօթացնելու գործին մէջ։ Տարիներու ընթացքին, խումբը փոփոխութիւններ ունեցած է, սակայն, միշտ պահած է իր ուրոյն խորքը եւ հայկական դիմագիծը։ Քառեակին յայտնի երաժիշտներէն եղած են նաեւ Սերգէյ Ասլամազեան, Նիքոլայ Տէր Յովհաննիսեան եւ Միքայէլ Տէրեան։