Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Երկուշաբթի, 16 Յունուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կրթամշակութային կեանքն Արցախում» եւ «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը» հատորներու շնորհահանդէսը:
Երկու գիրքերն ալ գիտաժողովներու զեկուցումներու ժողովածուներ են: Առաջին գիտաժողովը կազմակերպած էին Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկը, իսկ երկրորդ գիտաժողովը կազմակերպուած էր Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի, ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի եւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի կողմէ: