
Կազմակերպութեամբ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Աւստրալիոյ Գրական Գեղարուեստական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արք. Նաճարեանի, Առաջնորդ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմին, Շաբաթ 22 Մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Հայ Մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Աւտրալիոյ Ատըլէյտ քաղաք բնակող Ճօն Քոքսի «Հալէպի Հրեշտակը» գիրքի շնորահանդէսը՝ պատմութիւն մը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։
Մեծ թիւով հրաւիրեալներու եւ գրասէր հանրութեան ներկայութեամբ, երեկոն ընթացք առաւ գրական յանձնախումբէն ընկերուհի Իսկէնտէրեանի բարի գալուստի խօսքով, որմէ ետք, ընկերուհի Պաստաճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց հեղինակը, որ անձամբ ներկայ կը գտնուէր իր կնոջ, ծագումով հայ Լիլիթի հետ։
Հեղինակը բեմ հրաւիրուեցաւ ծանօթացնելու գիրքն ու բովանդակութիւնը։ Ճօն նախ բացայայտեց, թէ ինք Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայոց պատմութեան մասին առաջին անգամ լսած էր իր շատ սիրելի կնոջմէ՝ Լիլիթէն։ Ան խոստովանեցաւ, որ խորապէս ազդուած ըլլալով ընդհանուր աղէտէն, որոշած էր անոր մասին գրել վէպ մը, զոր վերջապէս հինգ տարիներ ետք կրցաւ իրականացնել։
«Հալէպի Հրեշտակը» գիրքի հերոսուհին Ճօնի երեւակայած հայուհին է, որ սովը տեսած, ոտաբոպիկ անապատներէն անցնելով կը վերապրի ցեղասպանութիւնը եւ կը յայտնուի Հալէպ։
Համազգայինի պարմանուհի Աննա Պէրպէրեան հանդէս եկաւ «Մուշ»ի պարի ներկայացումով, որմէ ետք ներկաները հարցումներ ուղղեցին գիրքին մասին: Հեղինակը հարցերուն պատասխանեց եւ ընթերցողին հայեցողութեան թողեց վէպը ընթերցելու եւ աւելի բացայայտումներ ընելու գիրքի բովանդակութեան ու Անուշի կրած տառապանքներուն մասին։
Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արք. Նաճարեան բեմ հրաւիրուեցաւ իր սրտի խօսքը փոխանցելու։ Սրբազան հայրը բարձր գնահատելով Ճօնի տարած աշխատանքը, շնորհակալութիւն յայտնեց հեղինակին իր տարած ուսումնասիրութիւններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մասին իր հետաքրքրութեան համար, մաղթելով անոր նորանոր նուաճումներ իր ապագայ ծրագիրներուն։ Շնորհահանդէսի աւարտին, հեղինակը մակագրեց վաճառուած գիրքերը, որմէ ետք ներկաները առիթը ունեցան իրարու հետ զրուցելու եւ գիրքին մասին աւելի լուսաբանուելու գաւաթ մը գինիի ընկերակցութեամբ։
Համազգայինի Գրական-Գեղարուեստական յանձնախումբ