Հայ տպագիր գիրքը՝ 500 տարեկան.
Հայ գրատպութեան 500-ամեակին առթիւ, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սանահին մասնաճիւղը, իր Հայագիտական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, պատրաստած է շարք մը միջոցառումներ, որոնց առաջինը տեղի ունեցաւ 2-6 Օգոստոսին, դէպի Ա.Մ.Ն.-ու մայրաքաղաք Ուաշինկթըն արշաւով մը, այցելելու այս առթիւ կազմակերպուած ցուցահանդէսին՝ Ազգային ժողովի մատենադարանին (Library of Congress) կողմէ։ Յատուկ թղթակցութեամբ պիտի անդրադառնանք այս բացառիկ նախաձեռնութեան։
Երկրորդ ձեռնարկը հայ հնատիպ գրքերու միօրեայ ցուցահանդէս մըն է, այս անգամ Մոնթրէալի մէջ՝ Ուրբաթ, 7 Սեպտեմբերին, երեկոյեան 7-էն սկսեալ, դասախօսութեան մը ընկերակցութեամբ։ Վայրը՝ Musée des Maîtres et Artisans du Québec, 615 Av., Ste Croix, Saint-Laurent. Գրքերը՝ թիւով շուրջ 40, հրատարակուած 1666-էն 1915-ի միջեւ, բոլորն ալ հաւաքուած են գաղութիս անդամներէն ու Համազգայինի գրադարանէն։ Պիտի դասախօսէ Մելինէ Փեհլիւանեան, յատկապէս այս առթիւ հրաւիրուած Պերլինէն, ուր, իբր փոխ-տնօրէն Պետական մատենադարանի Արեւելեան բաժանմունքի, կը վարէ Ափրիկէի, Հայաստանի ու Թուրքիոյ ենթաբաժինները։ Իր նիւթը՝ Les débuts de l’imprimerie arménienne (1512-1800) (Հայ գրատպութեան սկիզբը՝ 1512-1800, ֆրանսերէնով)։ Տեղի պիտի ունենայ նաեւ յատուկ սահիկներու ցուցադրութիւն՝ աւելի քան հարիւր հնատիպ գրքերու։
Երրորդ ու գլխաւոր ձեռնարկը Համազգայինի տարեկան հայագիտական լսարանն է, նոյնպէս նուիրուած մեր տարեգրութեան այս մեծ թուականին, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 8 Սեպտեմբերին, ժամը 9։00-17։00 եւ Կիրակի, 9 Սեպտեմբերին, ժամը 10։00-16։00, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, 3401 Olivar-Asselin, Montréal։ Պիտի դասախօսեն Վրէժ-Արմէն Արթինեան (ընդհանուր ակնարկ), Վեր. Դոկտ. Մանուէլ Ճինպաշեան (Աւետարանի թարգմանութիւնն ու հրատարակութիւնը ԺԸ.-ԺԹ. դարերուն), Մելինէ Փեհլիւանեան (Հայ տպագրութեան դերակատարները - կղերականներ, վաճառականներ ու համայնքներ - ֆրանսերէնով), Դոկտ. Մարկ Նշանեան, հրաւիրուած՝ Նիւ Եորքէն (Մխիթարեաններու դերը հայ տպագրութեան եւ
հրատարակչութեան զարգացման մէջ) եւ Վահագն Գարագաշեան (Հայ տպագիր
եւ առցանց մամուլի մարտահրաւէրները)։ Լսարանի վարիչ-համադրիչն է Րաֆֆի Աճէմեան։ Լսարանին մասնակցութեան սակն է (կէսօրուան ճաշերը ներառեալ)՝
$65 (երկու օրերուն համար), $35 (մէկ օրուան համար)։ Արձանագրուելու համար աճապարել՝ դիմելով Դոկտ. Այտա Պուճիքանեանի (514) 696-8374, Յասմիկ Թաթուլեանի (514) 337-1648, կամ գրելով hamazkayinmtl@gmail.com ել-հասցէին։
Չորրորդ ձեռնարկը, հայ ուսանողական միութիւններուն մասնակցութեամբ, տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 10 Սեպտեմբերին։ Մելինէ Փեհլիւանեան անգլերէնով պիտի դասախօսէ հետեւեալ նիւթին շուրջ.- The printing revolution in Europe and the Armenian example – did printing transform contemporary societies as deeply as the Internet transformed us?։ Վայրն ու ժամը կը յայտարարուին առանձնաբար։
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան
Սանահին մասնաճիւղի
Հայագիտական յանձնախումբ