Երկուշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Համազգայինի Լիբանանի նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տուաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի վանքին մէջ:
Շրջանային վարչութեան ատենապետ դոկտ. Սեպուհ Այնթէպլեան ներկայացուց ընդհանրապէս հետագայի ծրագիրները` շեշտը դնելով երիտասարդութիւնը ներգրաւելու կարեւորութեան վրայ: Ան նաեւ ուրախութեամբ յիշեց, որ իրենց փափաքն է, որ Պոլիսէն ժամանող «Վարդանանց» երգչախումբի ելոյթները հովանաւորէ վեհափառ հայրապետը:
Վեհափառ հայրապետը իր կարգին շեշտելէ ետք գաղութահայ կեանքին մէջ Համազգայինի ունեցած ազգանպաստ առաքելութեան վրայ, մաղթեց, որ նոր աշխատանքային գործելաձեւեր որդեգրուին` առաւելագոյն չափով նորահաս սերունդին ներկայութիւնը ապահովելու համար:
Իր խօսքի աւարտին վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնը տուաւ եւ յաջողութիւն մաղթեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան:
Համազգայինի Լիբանանի
Շրջանային Վարչութիւն