
«Համազգայինի Մարի Պապիկեան Կրթական Հիմնադրամ»ը հիմնուած է հանգուցեալ Մարի Ֆիլհաննէսեան-Պապիկեանի ընտանիքին նախաձեռնութեամբ, ի յիշատակ իրենց մօր եւ մեծ մօր՝ եւ ի պատիւ իր տարիներու ծառայութեան եւ վաստակին, ինչպէս եւ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի ուսուցման մարզերէն ներս իր ձգած ժառանգութեան։ Հիմնադրամին նպատակն է շարունակել հանգուցեալ Մարի Պապիկեանի կտակը, պահպանելով հայոց լեզուն եւ ժառանգութիւնը եւ զարգացնելով հայ մշակոյթը։
Այսու կը տեղեկացնենք, որ «Համազգայինի Մարի Պապիկեան Կրթական Հիմնադրամ»ը կատարած է 2023 տարեշրջանի յատկացումները, համապատասխան ֆոնտի նպատակներուն, որոնք են`
ա. Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու ծրագրին՝ 1,000 ամ. տոլար։
բ. Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկին՝ 1,000 ամ. տոլար։
գ. Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հրատարակչական մարմնին, դասագիրքերու հրատարակութեան համար՝ 1,000 ամ. տոլար։
դ. Դամասկոսի Ազգային վարժարանէն հինգ սաներու, որոնք յաջողակ աշակերտներ են, եւ նիւթական օժանդակութեան կը կարօտին՝ 1,000 ամ. տոլար։
Աւելցնենք, որ 2023-24 տարեշրջանի ընթացքին Դամասկոսի Ազգային վարժարանի մէջ հայերէնի բարձրագոյն միջինը ապահովող աշակերտին պիտի տրամադրուի 500 ամ. տոլար։
Վերջապէս, այս հիմնադրամի անհրաժեշտութեան հաւատացող հայորդիները իրենց ներդրումը կրնան ունենալ դիմելով https://hamazkayin.com/en/about-us/donate/
եւ ընտրելով նուիրատուութեան այլ տարբերակը եւ պատգամին մէջ գրելով «Համազգայինի Մարի Պապիկեան Կրթական Հիմնադրամ»։
Համազգայինի Մարի Պապիկեան Կրթական Հիմնադրամի հոգաբարձութիւն