![](https://hamazkayin.com/wp-content/uploads/2018/10/default.jpg)
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը այս տարի՝ 2008ին կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 80ամեակը: Այս առիթով Սփիւռքի տարածքին եւ Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ եւ նախաձեռնութիւններ, ինչպէս նաեւ գնահատումը պիտի կատարուի միութեան 80ամեայ գործունէութեան տարբեր մարզերուն եւ պիտի ուրուագծուին միութեան յառաջիկայ տարիներու կեանքի պարտադրանքներէն բխած նոր պարտաւորութիւններն ու անոր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Միութիւններու եւ հաստատութիւններու յոբելենական տարիներու նշումը ինքնանպատակ չէ, այլ՝ միութեան կամ տուեալ կազմակերպութեան նպատակներու եւ առաջադրանքներու վերարժեւորման առիթ: Առիթ մը, որ պիտի ծառայէ անցեալը եւ ներկան քննելով նոր մարտահրաւէրներու պահանջած նոր լուծումներու որդեգրումին, ընթացիկ գործունէութեան կողքին՝ յատուկ աշխատանքներ իրագործելու, ժամանակավրէպը թօթափելու եւ նոր արժէքներ որդեգրելու՝ հին, անժամանցելի արժէքները պահպանելով հանդերձ: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը այս առիթով նախատեսած է ծրագիր մը, որ պիտի գործադրուի 2008 թուականի ընթացքին: Յառաջիկայ ամիսներուն 80ամեակի առիթով տեղի պիտի ունենան կարգ մը ձեռնարկներ, որոնք պիտի ընդգրկեն գեղարուեստական երեկոներ, հանդիսութիւններ, մշակութային վաւերական դէմքերու նուիրուած գիտաժողովներ, հրատարակութիւններ եւ փառատօններ: Անկախ Կեդրոնական վարչութեան վերոնշեալ ձեռնարկներէն, որոնք պիտի գործադրուին Հայաստանի եւ Կեդրոնական վարչութեան նստավայր՝ Լիբանանի մէջ, արդէն իւրաքանչիւր շրջան սկսած է կազմել 80ամեակի նշման իրեն յատուկ ծրագիրը: Վստահ ենք, որ 80ամեակի առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկները առիթ մը պիտի ըլլան միութեան 80ամեայ գործունէութեան յաւելեալ ամրապնդման եւ նոր մթնոլորտի մը ստեղծման, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին առջեւ մեր յանձնառութեան վերահաստատման: