Հաղորդագրութիւններ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Պուշ-տիւ-Րոն նահանգի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ պարոն Ժան-Նոյել Կերինի Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանին ի նպաստ յայտարարած է 1.350.000 (մէկ միլիոն երեք հարիւր յիսուն հազար) եւրոյի յատկացում մը: Գումարը պիտի տրամադրուի վարժարանին կից մարզական կառոյցի մը շինութեան: Միաժամանակ կը յայտնենք, որ շնորհիւ վարժարանի պատասխանատուներու յամառ ու հետեւողական հետապնդումներուն Մարսէյի մեր Ճեմարանի երկրորդական բաժինը (լիսէ) գործակցութեան յատուկ պայմանագրութեամբ մը կապուեցաւ նահանգային կրթական իշխանութիւններուն: Ատիկա կը նշանակէ, թէ կրթական նախարարութիւնը յաջորդ վերամուտէն սկսեալ հանգրուանաբար պիտի ստանձնէ դպրոցի երկրորդական բաժնի պիւտճէի կարեւորագոյն բաժնի մատակարարումը: