Հաղորդագրութիւններ
Քաշաթաղի Բերձոր քաղաքի վերաբնակեցման աշխատանքներու ծիրէն ներս Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը, ինչպէս անցեալ տարի Քարվաճառի դպրոցի պարագային, այս տարի իր ներդումը ունեցաւ Բերձորի թիւ 2 դպրոցին նուիրելով համակարգչային սարքեր։ Այսուհետեւ Բերձորի թիւ 2 դպրոցի աշակերտները կարելիութիւնը պիտի ունենան օգտուելու համակարգիչներէն, որոնք տեղադրուած են դպրոցի համակարգիչներու դասարանին մէջ։ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն 28 Մայիս 2012