Մարտ 2023-ին Պէյրութէն մեկնարկը տրուեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակի տօնակատարութիւններուն, որոնք շարունակուեցան մինչեւ Հայաստան, Եւրոպա, Աւստրալիա ու Հիւսիսային Ամերիկա։
95-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւններու վերջին փուլը տեղի ունեցաւ 2024-ի գարնան, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։ Այս հանդիսութիւններն ու զանազան ձեռնարկները յատուկ նշանակութիւն ունէին, որովհետեւ Միութեան 95-ամեակի նշումի ընթացքին պարգեւատրուեցան հայ կրթութեան ու մշակոյթի ոլորտի շարք մը երախտաւորները։
Սակայն նախքան այդ, Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցած 95-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին, «Համազգայինի շքանշան»-ով պարգեւատրուեցան՝ Համազգայինի շարքերէն ներս երկարամեայ վաստակ ունեցած Մաքրուհի Քորթեան, Էտի Վեցմատեան եւ Ասատուր Շուկայեան:
Իսկ Գանատայի մէջ, Համազգայինի 95-ամեակի առիթով եւ Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով «Համազգայինի շքանշան»-ով պարգեւատրուեցան՝ հանրային, կազմակերպական, կրթական, մշակութային եւ գրական ոլորտներուն մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցած Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան, հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման ազնիւ գործին բարոյապէս ու յատկապէս նիւթապէս միշտ սատար հանդիսացած Շաքէ Կէօնճեան, հանրային, կրթական, մշակութային ու յատկապէս գրական ասպարէզներուն մէջ (յատկապէս «Բագին» պաշտօնաթերթին) երկարամեայ վաստակ ունեցած Յարութիւն Պէրպէրեան, համաշխարհային ֆիլմարուեստին մէջ ինքնուրոյն դրոշմը ունեցած բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեան, Սուրիահայ համայնքի հանրային, կրթական, եւ մշակութային ասպարէզներուն մէջ երկարամեայ գնահատելի ծառայութիւն մատուցած Ֆիմի Տէր Յակոբեան եւ Համազգայինի յուշանուէրով յետմահու պարգեւատրուեցաւ Յակոբ Եափուճեանը՝ իբրեւ գնահատանք լիբանանահայ համայնքէն ներս ու Համազգայինի մէջ իր կատարած նշանակալից ներդրումին համար:
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանին մէջ Համազգայինի 95-ամեակին առիթով տեղի ունեցած հանդիսութեան «Համազգայինի շքանշան»-ով պարգեւատրուեցան՝ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցի կազմակերպական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցած Վարուժան Տէմիրճեան, Հրաչ Սիմոնեան եւ Մհեր Պապեան, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցի կազմակերպական, կրթական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցած Ռիթա Որբերեան եւ Ռուբինա Բագրատունի, Համազգայինի զանազան կառոյցներու կազմակերպական, կրթական, մշակութային, թատերական եւ գրական ոլորտներուն մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցած Գէորգ Պետիկեան, գրականութեան ոլորտին մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցած Պօղոս Գուբելեան, հանրային եւ գրական ոլորտներուն մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցած Գրիշ Դաւթեան, հանրային, մշակութային եւ գրական ոլորտներուն մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցած Սոնա Զէյթլեան, հանրային, մշակութային, կրթական եւ ակադեմական ոլորտներուն մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցած Ռուբինա Փիրումեան, Լիբանանի մէջ հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման գործին բարոյապէս ու յատկապէս նիւթապէս միշտ սատար հանդիսացած Ցոլինէ Խաչատուրեան, Համազգայինի Սուրիոյ կառոյցի կազմակերպական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցած Կարպիս Դերձակեան, Համազգայինի Սուրիոյ կառոյցի կազմակերպական, մշակութային եւ կրթական ոլորտներուն մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցած Վահէ Ժամագործեան:
Իսկ Համազգայինի յուշանուէրով յետմահու պարգեւատրուեցան Եդուարդ Մսըրլեան, Խոսրով Ասոյեան, Պետրոս Ալահայտոյեան եւ Գուրգէն Գասապեան իբրեւ գնահատանք Համազգայինի եւ մշակութային զանազան ոլորտներու մէջ իրենց կատարած նշանակալից ներդրումին համար:
Այնուհետեւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի զանազան քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած հանդիսութիւններու եւ հաւաքներու ընթացքին «Համազգայինի շքանշան»-ով պարգեւատրուեցան՝ Արեւելեան Ամերիկայի Համազգայինի կառոյցին եւ հայ մշակոյթի տարածման գործին երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած Վազգէն Այվազեան, Մարիէթ Գաբրիէլեան, Տոքթ․ Ժանէթ Մուրատեան-Մարգարեան, Արմինէ Մինասեան, Անի Աղաճանեան, Մակի Մատարենց, Ալֆրետ Եզնայեան եւ Սիրուն Կարոյեան, իսկ հանրային, մշակութային ու յատկապէս գրական ասպարէզներուն մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցած Վեհանոյշ Թեքեան:
Միւս կողմէ, Հալէպի մէջ տեղի ունեցած 95-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութեան ընթացքին «Համազգայինի շքանշան»-ով պարգեւատրուեցաւ Սուրիոյ շրջանին հանրային, կրթական եւ մշակութային ասպարէզներու մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցած Հռիփ Կանանեան:
Աւելի ուշ, երեք անջատ ձեռնարկներով, տարբեր առիթներով Կիպրոսի եւ Պէյրութի մէջ «Համազգայինի շքանշան»-ով պարգեւատրուեցան՝ հայ երաժշտութեան ուսումնասիրութեան, ծանօթացման եւ տարածման աշխատանքին մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցած դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան, Հայաստանի մէջ թատերական եւ շարժապատկերի արուեստներու մէջ վաստակ ունեցած, սփիւռքի մէջ ծառայած հայրենի արուեստագէտ Դաւիթ Յակոբեան, հայկական եւ միջազգային երաժշտութեան կատարման, ուսուցման եւ տարածման գործին մէջ երկարամեայ վաստակ ունեցած ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեան:
Նաեւ Հայաստանի մէջ Համազգայինի յուշանուէրով յետմահու պարգեւատրուեցաւ Սահակ Սահակեանը՝ իբրեւ գնահատանք ազգային, աշուղական եւ յեղափոխական երգերու ներկայացման իր մեծ ու երկարամեայ վաստակին համար:
Նշենք, որ ըստ «Համազգայինի շքանշանի կանոնագիր»-ին Համազգայինի շքանշան կրնան ստանալ հայ թէ օտար անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց գործով մեծապէս նպաստած են հայ մշակոյթի զարգացման, երախտաշատ համազգայնականներ, որոնք միութենէն ներս ունեցած են երկարամեայ ծառայութիւն եւ կազմակերպչական իրենց գործունէութեան ընթացքին, շօշափելի իրագործումներ կատարած են եւ կամ անհատներ, որոնք կարեւոր բարերարութեամբ օժանդակած են Համազգայինի նպատակներու իրագործման:
Պէյրութ, 8 Մայիս 2024