Շաբաթ, 9 Փետրուարին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի «Չալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայեցի կրթութիւն» նիւթով համագումարը՝ ներկայութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, կրթական մարմիններու ներկայացուցիչներու, հայրենագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու, մտաւորականներու, ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու, երկրորդական դասարանի աշակերտներու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներու: Այս համագումարը կազմակերպուած էր Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան կրթական խորհուրդին կողմէ:
Համագումարը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9:45ին: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի կրթական խորհուրդի անդամ Գեղանի Էթիէմէզեան, որ նաեւ վարեց նիստերը: Ան յայտնեց, որ Համազգայինի 80ամեակին զուգադիպող այս ներլիբանանեան կրթական համագումարը անմիջական շարունակութիւնն է վերջին տասնամեակին իրագործուած համահայկական, համասփիւռքեան իրերայաջորդ կրթական խորհրդաժողովներուն, որոնք անհրաժեշտաբար գումարուած էին՝ լուսարձակի տակ առնելու համար հայեցի դաստիարակութեան այժմէական հիմնահարցերը: Գ. Էթիէմէզեան նկատել տուաւ նաեւ, որ այս համագումարը կը միտի քննարկել լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ կիրարկուող հայեցի դաստիարակութեան կրթական ծրագիրները՝ իբրեւ ձեւ եւ խորք, մասնաւորել կարիքները եւ կարելիութիւնները, վերաթարմացման, բարեփոխման առաջարկներ մշակել՝ օգտագործելու համար զանոնք կրթական այժմէական ծրագիրներու, դասագիրքերու պատրաստութեան, հայերէնի ուսուցման մեթոտաբանութեան մշակումին:
Բացման խօսքին յաջորդեց առաջին նիստը, որուն ընթացքին Համազգայինի կրթական խորհուրդի անդամ Յովհաննէս Թասլաքեան զեկուցեց «Հայեցի դաստիարակութիւնը» նիւթին շուրջ, իսկ ճեմարանի գործադիր տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան՝ «Դպրոցին դերը» նիւթին շուրջ:
Յովհաննէս Թասլաքեան յայտնեց, որ շեշտակի ձեւով դրուած այս հարցը ծնունդն է այն պայմաններուն, որոնց մէջ կþապրինք՝ իբրեւ սփիւռքեան հաւաքականութիւններ: Ան նկատել տուաւ, որ հայեցի դաստիարակութեան անդրադառնալ կը նշանակէ անդրադառնալ այն ամբողջ սահմանումին, որով կարելի կը դառնայ ճշդել, թէ հայեցի կրթութիւնը ի՞նչ է, ի՞նչ կը նպատակադրէ, ի՞նչ միջոցներ կան, որոնց օգտագործումով կարելի կը դառնայ այս աշխատանքը իր լրումին հասցնել:
Թասլաքեան նշեց, որ հայ մարդը պէտք է առնչուի հայ ազգային կեանքին, պէտք է հայօրէն ապրի իր առօրեան՝ ունենալով հայկական առաջադրանքներ ու իտէալներ եւ պատրաստ ըլլայ իր ապրած միջավայրին մէջ դերակատարութիւն ստանձնելու: Շատեր կը խանդավառուին հայ կեանքին յաջողութիւններով կը տագնապին անոր դժուարութիւններով եւ ձախողութիւններով, սակայն պէտք է իրենց ներդրումը ունենան այդ յաջողութիւններուն մէջ, պատրաստ ըլլան գործելու հաւաքականութեան մէջ, որպէսզի ստանան քաջալերանք եւ ոգեւորութիւն:
Անդրադառնալով հայեցի դաստիարակութեան նպատակին՝ Թասլաքեան շեշտեց, որ նախ եւ առաջ այդ դաստիարակութիւնը կը նպատակադրէ հայկական պատկանելիութեան զգացումի հաստատում, որուն միջոցով հայ պատանին ճիգ պիտի թափէ ընտելանալու հայ լեզուին ու մշակոյթին եւ անոր մօտ պիտի յառաջանայ սէրը անոնց նկատմամբ՝ պահպանելու եւ իր շրջապատին մէջ տարածելու համար զանոնք, ինչպէս նաեւ ստեղծելու միջավայր մը, ուր հայ լեզուն եւ մշակոյթը կրնան գոյատեւել: Շարունակելով իր խօսքը՝ Թասլաքեան յայտնեց, որ հայեցի դաստիարակութեան նպատակն է նաեւ պատրաստել հայ անհատը հայ հասարակութեան եւ հասարակական կեանքին համար օգտակար եւ պիտանի դերին՝ զայն կազմաւորելով իբրեւ ինքնավստահ, նախաձեռնող, հետեւողական, պատասխանատուութեան զգացում ունեցող, բարձր իմացականութեամբ օժտուած, քննական եւ քննադատական մտքով մտածող մարդ: Ան աւելցուց, որ հայեցի կրթութեան նպատակն է նաեւ պատրաստել ուսուցիչներ, որոնք պիտի դաստիարակեն սերունդներ՝ անոնց փոխանցելով հայկական արժէքներուն նկատմամբ սէրն ու հետաքրքրութիւնը. նաեւ պիտի պատրաստուին հանրային գործիչներ, խմբագիրներ, որոնք պիտի փորձեն հայ մտքի արգասիքը ներկայացնել հայ ժողովուրդին եւ հայ ազգային կեանքը քննարկել: Թասլաքեան յայտնեց, որ պէտք է պատրաստենք նաեւ բաց համակարգով արդիականութեան ձգտող մարդը եւ հաւատք ստեղծենք հայ կեանքի հեռանկարին նկատմամբ:
Իր զեկուցումին վերջին բաժինով Յովհաննէս Թասլաքեան նկատել տուաւ, որ վերոյիշեալ նպատակները իրականացնելու համար մեր առջեւ դրուած են միջոցներ, որոնք մեր սփիւռքեան պայմաններուն մէջ երբեմն որոշ սահմանափակումներ կը յառաջացնեն, բայց հայեցի կրթութիւնը կը տրուի միայն հայերէնով, կը յառաջանայ միայն հայերէնի փոխանցած կարելիութիւններով: Ան աւելցուց, որ միջոցներն են ծնողները եւ նպատակին ուղղութեամբ անոնց յանձնառութիւնը: Ան ցաւ յայտնեց, որ մենք ականատես ենք այդ յանձնառութեան նահանջին: Դպրոցը նոյնպէս անհրաժեշտ միջոց մըն է:
Թասլաքեան աւելցուց, որ ազգային կառոյցները եւս իրենց դերակատարութիւնը ունին, ինչպէս՝ եկեղեցին, կազմակերպութիւնները, մամուլը, հրատարակութիւնները, տեղեկատուական միջոցները:
Օրուան երկրորդ բանախօսը՝ Տիգրան Ճինպաշեան, իր զեկուցումին սկզբնաւորութեան յայտնեց, որ իր պատրաստած զեկուցումը հիմնուած է միայն օտար աղբիւրներու վրայ եւ ինք փորձած է հասկնալ, թէ ի°նչպէս կը մտածեն օտարները: Տ. Ճինպաշեան հաստատեց, թէ դաստիարակութեան գործին մէջ դպրոցին դերը հաւանական բոլոր դերակատարներուն հետ բաղդատաբար կարեւորագոյնն է, եւ դպրոցը կը հիմնուի ճշգրիտ նպատակի մը համար՝ ուսում ջամբելու եւ կրթութիւն տալու մանուկներուն ու պատանիներուն՝ աւելցնելով, որ մանուկն ու պատանին միայն դպրոցական միջավայրին մէջ չէ, որ կը կազմաւորուին: Անոնց դաստիարակութեան գործին մէջ կարեւոր եւ երբեմն որոշիչ մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ ընտանիքը, բարեկամական շրջանակը, հասարակութիւնը, գեղարուեստական դաստիարակութեան միջավայրերը եւ մանկապատանեկան միութիւններն ու կազմակերպութիւնները: Ճինպաշեան շեշտեց, որ դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը կը հանդիսանան յիշեալ ազդեցութիւններուն եւ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխազդեցութիւններուն համախառն արդիւնքը:
Զեկուցաբերը յայտնեց, որ դպրոցի սահմանումը սերտօրէն կþառնչուի ուսումնական գիտութեան եւ անոր անբաժան մասին՝ մանկավարժութեան ներկայ պահանջներուն՝ աւելցնելով, որ դպրոցական ծրագիրը պէտք է ենթարկուի պայմաններու ընդարձակ դաշտի մը, ինչպէս՝ դպրոցի վայրին, համայնքին, հիմնուած ըլլայ տուեալ ընկերութեան ակնկալութիւններուն եւ կարիքներուն վրայ, իր առաջադրանքները բխեցնէ տուեալ ժամանակի գիտութեան վիճակէն, նկատի առնէ ժամանակաշրջանի մանկավարժական մտածողութեան վիճակը, ազգային առաջադրանքները, կապուած պէտք է ըլլան ուսումնական ընթացիկ իրականութեան հետ:
Ճինպաշեան հաստատեց, որ հայկական դպրոցը ստեղծուած ըլլալով հայկական հաւաքականութեան համար, պիտի ենթարկուի հայ համայնքի զարգացման հոլովոյթին:
«Հայկական դպրոցը կը ձգտի կազմաւորել իր խնամքին յանձնուած մարդը, որ հայ է, անդամ՝ աշխարհի տուեալ վայրի մը մէջ կայացած հայկական համայնքի մը», շեշտեց Ճինպաշեան եւ աւելցուց, որ համամարդկային արժէքները, գիտութիւնը, բնակութեան վայրի առանձնայատկութիւնները եւ հայկական պատկանելիութեան պահանջները՝ ամրօրէն կը զօդուին իրարու եւ կազմեն միասնական ամբողջութիւն մը:
Ճինպաշեան նաեւ հաստատեց, որ հայկական դպրոցի կարեւորագոյն դերն է հայերէնը դարձնել հաղորդակցութեան, դատողութեան եւ տրամաբանութեան բնական ու ճկուն գործիք: Անդրադառնալով դպրոցի առարկայական տուեալներուն, ան յայտնեց, որ հայկական դպրոցը պէտք է գոհացնէ արդիական հաստատութեան մը բոլոր պահանջները, ինչպէս՝ շէնքը, կահաւորումը, ընկերային միջավայրի կառոյցներուն հետ սերտ կապերու ապահովումը, վաւերական մշակոյթի ջամբումը, ինչպէս նաեւ գիտակցութիւնը, որ դպրոցական կրթական մարզը համագործակցական եւ հաւաքական աշխատանք կþենթադրէ:
Զեկուցումին վերջին բաժինով Ճինպաշեան անդրադարձաւ գործնական միջոցառումներու, որպէսզի վերոյիշեալ կէտերուն մէկ մասը իրականացուի: Ան յայտնեց, որ հայերէնագիտական նիւթերը նախապատուութիւն պէտք է վայելեն մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի մէջ: Հայերէնի պահերուն թիւը ոչ միայն պէտք չէ նուազ ըլլայ այլ լեզուներու պահերու թիւէն, այլեւ՝ գերազանցէ զանոնք: Ան շեշտեց, որ հայերէնը եւ հայերէնագիտական այլ նիւթեր օժանդակ դասանիւթերու կարգավիճակ պէտք չէ ունենան:
Համագումարին երկրորդ նիստին Հ. Բ. Ը. Մ.ի «Յովակիմեան-Մանուկեան» վարժարանի տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեան ներկայացուց «Ուսուցիչին դերը» նիւթը, իսկ հայերէն դասագիրքերու հեղինակ եւ կրթական խորհուրդի անդամ Յարութիւն Քիւրքճեան՝ «Դասագիրք եւ մեթոտ» նիւթը:
Ժիրայր Դանիէլեան յայտնեց, որ հայեցի դաստիարակութիւնը առաւելաբար Սփիւռքի յատուկ երեւոյթ է. հարազատ հողին վրայ ապրողը անհրաժեշտութիւնը երբեք չի զգար զանազանելու կրթութիւնը՝ հայեցի կրթութենէն: Հայ դպրոցին անհրաժեշտութիւնը սփիւռքահայուն համար կը բխի յիշեալ երեւոյթէն, որ երբեք խտրականութեան արտայայտութիւն չէ, այլ՝ բարենպաստ պայմաններու բերումով լրացուցիչ անհրաժեշտութիւն կը դառնայ՝ առանց բախումի եւ հակադրումի շրջապատի ոչ հայ դպրոցներուն հետ: Ան շեշտեց, որ հայ դպրոցը նաեւ աւանդութիւն մըն է, որ անհրաժեշտութիւն դարձած էր անցեալին եւ է ներկայիս, մասնաւորաբար անհայրենիք հայ հաւաքականութիւններուն համար: Այս տուեալներու լոյսին տակ դպրոց-ծնողներ-աշակերտ փոխյարաբերութիւնը կը ստանայ առանձին բովանդակութիւն եւ նշանակութիւն: Անդրադառնալով ուսուցիչի, եւ յատկապէս հայ ուսուցիչի սահմանումին դերակատարութեան՝ Դանիէլեան շեշտեց, որ «հայ ուսուցիչի ուսերուն կþաւելնայ հայեցի կրթութեան հիմնաւոր պարտաւորութիւնը, որմէ բնականաբար զերծ կը մնայ ուսուցիչը ընդհանրապէս»՝ աւելցնելով, որ ուսուցչութիւնը արուեստ է արհեստ ըլլալէ առաջ եւ առաքելութիւն՝ ասպարէզ ըլլալէ առաջ: Զեկուցաբերը հաստատեց, որ հայեցի դաստիարակութիւնը պայմանաւորուած է հայ ուսուցիչով, ո°չ միայն հայերէնով դասաւանդուող նիւթերուն համար, այլ նաեւ՝ գիտական նիւթեր եւ օտար լեզուներ դասաւանդողներու պարագային: Ան շեշտեց, որ ոչ հայ ուսուցիչներ պէտք է դպրոցի ընդհանուր մթնոլորտին եւ իւրայատուկ կարգաւորումին հետ ընտելանան, որպէսզի այդ դպրոցին առաքելութիւնը չխոչընդոտուի, ընթանայ հեզասահ եւ հայեցի կրթութիւնը չտուժէ: Ան յայտնեց, ներկայիս ահաւոր համաշխարհայնացումը կը տիրէ:
Եզրափակելով իր զեկուցումը, Դանիէլեան յայտնեց, որ հայ դպրոցը պէտք է պահպանէ իր գոյութիւնը՝ իբրեւ դարբնոց հայակերտումի եւ մարդակերտումի, իսկ հայ ուսուցիչը՝ ըլլալով դարբինը այդ դպրոցին, պէտք է գիտութիւն եւ մշակոյթ փոխանցէ, եւ պէտք է ինքզինք զինէ յարատեւ փոփոխութիւնները դիմակալելու անհրաժեշտ վերանորոգումի եւ վերապատրաստութեան զինամթերքով, ինչպէս նաեւ հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտ ոգիով եւ շունչով, որպէսզի հայ դպրոցը իւրայատուկ իր առաքելութեամբ շարունակէ առողջ իր գոյատեւումը:
Համագումարի վերջին զեկուցաբերն էր Յարութիւն Քիւրքճեան: Ան հաստատեց, որ հայեցի կրթութիւնը կը նպատակադրէ Սփիւռքի տարածքին կերտել ինքնուրոյն, անկաշկանդ ազգային-մշակութային դիմագիծի տէր հայը՝ աւելցնելով, որ հայերէնի ուսուցումը՝ իբրեւ մեթոտ, պէտք է ըլլայ կենդանի, ապրող՝ իբրեւ դասանիւթի ընտրութիւն, փոխանցում, աւանդում, հայերէնի եւ հայ գրականութեան ուսուցման զոյգ ենթամարզերուն մէջ: Անդրադառնալով հայերէնի ուսուցումը հարուածող վտանգներուն՝ Քիւրքճեան յայտնեց, որ ակադեմական քարացած դասաւանդումը լեզուի ուսուցումը պատանի հոգիներուն առջեւ կը վերածէ լեզուագիտական չոր գիտելիքի՝ աւելցնելով, որ ուսուցումի սիրողականութեան թափթփած մօտեցումը եւս վտանգ կը հանդիսանայ, որովհետեւ գրական պատահական հատուածներու վերաբերեալ զրոյցը՝ առանց մեթոտի, պատանիին մէջ կրնայ արմատաւորել անլուրջ պատկերացում մը հայ լեզուի եւ գրականութեան մասին:
Անդրադառնալով երկրէ երկիր, շրջանէ՝ շրջան ուսուցման մեթոտի գործիքներու տարբերակման հարցին, Քիւրքճեան շեշտեց, որ պէտք է նուազագոյնի իջեցնել սփիւռքեան գօտիներու միջեւ դասաւանդման ոճի եւ մեթոտներու տարբերութիւնը: Ան յայտնեց, որ հայախօս շրջաններու մէջ բաւական հարցական է կիրարկուած հայերէնի ամբողջական արժէքը: Ան նշեց, որ երկրորդ լեզուի ուսուցումը աստիճանաբար դարձած է աւելի գիտական եւ իր ներգործութեամբ եւ արագութեամբ գրաւած է մայրենի լեզուի ուսուցման դաշտը: Հայերէնի հարցը այսօր կþարձանագրուի լեզուներու ընդհանրական տագնապի մը ծիրին մէջ: Եզրակացնելով իր զեկուցումը՝ Քիւրքճեան յայտնեց, որ ուսուցիչը դասագիրքերը ուժականօրէն պէտք է գործածէ եւ աւելի պէտք է լռէ, քան խօսի, եւ աշակերտներուն առիթ պէտք է տայ խօսելու եւ խօսակցելու: Հորիզոնական հաղորդակցութիւն պէտք է ստեղծուի աշակերտներուն միջեւ եւ ասիկա փոխգործօնութիւնն է, որ մեթոտի ոսկի բանալին է: Ան յայտնեց, որ մանկավարժութեան, հոգեբանութեան մասնագէտները պէտք է ունենան «ամբողջի տեսիլ»ը՝ աւելցնելով, որ շնորհիւ ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութեան որակին, շնորհիւ ուսուցիչի դասարանին մէջ ներկայութեան, կը յաջողինք սիրցնել հայերէնը աշակերտներուն:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր զեկուցումի աւարտին, մասնակցողները առիթը ունեցան կարծիքներ փոխանակելու եւ հարցումներ ուղղելու զեկուցաբերներուն:
Կէսօրէ ետք համագումարին մասնակցողները բաժնուեցան աշխատանքային խմբակներու եւ ներկայացուցին առաջարկներ, ինչպէս նաեւ իրենց տեսակէտները:
Համագումարի եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Վաչէ Փափազեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց մասնակցութեան համար: Ան հաստատեց, որ ժամանակը եկած է, որ դիմենք գործնական քայլերու եւ նշեց անհրաժեշտ կէտերը, որոնք պէտք է իրագործուին, ինչպէս՝ ուսումնական խորհուրդներու գործակցութիւն, հայեցի կրթութեան միացեալ ծրագիրի յառաջացում, արդիական դասագիրքերու ստեղծում եւ այլն: