Աւելի քան տարի մը առաջ Մոսկուայի մէջ ինքնաբուխ կազմուած խումբ մը դիմած էր Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան՝ Ռուսիոյ մէջ Համազգայինի կառոյցի մը հիմնադրութեան առաջադրանքով։ Այդ ուղղութեամբ բաւական յառաջացած խորհրդակցութիւնները ակամայ ընդհատուած էին պսակաժահրի համավարակի բռնկումով։ Այս պարագան սակայն արգելք չեղաւ, որ այս խումբը նախաձեռնէ մշակութային գործունէութեան, պարբերաբար ձեռնարկներ կազմակերպելով։
Շաբաթ 15 Մայիս 2021-ին, Մոսկուայի մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Ռուսիոյ կառոյցի հիմնադիր ժողովը՝ ներկայութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան երկու ընկերներու եւ մասնակցութեամբ շուրջ երեսուն ազգայիններու։
Ժողովականները համաձայնեցան կազմել եռանդամ ժամանակաւոր վարչութիւն մը վարելու ընթացիկ աշխատանքները, կազմելու կառոյցի ամբողջական անդամացանկը, պատրաստելու գործունէութեան ծրագիրը, մշակելու միութեան ներքին կանոնագիրը եւ անոր հիմամբ հրաւիրելու առաջին ընդհանուր ժողովը, որուն գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ ընտրել միութեան անդրանիկ վարչութիւնը՝ հետեւելով նախապէս նոյն ժողովի կողմէ ընդունուած ներքին կանոնագրի տրամադրութիւններուն։
Նման հանդիպում մը գումարուեցաւ նաեւ Սէնթ Փեթերզպուրկի մէջ, Երկուշաբթի 17 Մայիսի երեկոյեան, շուրջ տասնհինգ ազգայիններով, որոնց կարգին էին արուեստագէտներ: Աւելի քան երկու ժամ տեւած խորհրդակցութենէ ետք, կազմուեցաւ ժամանակաւոր վարչութիւն մը ստանձնելով նոյմանման պարտականութիւն:
Վստահ ենք, որ Համազգայինի գործելադաշտի այս նոր շրջանի կազմը շուտով պիտի դառնայ Ռուսիոյ հայկական համայնքի մշակութային կամքը դրսեւորող կարեւոր դերակատարներէն մէկը:
Բարի երթ կը մաղթենք Ռուսիոյ մեր ընկերներուն:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն
Պէյրութ, 22 Մայիս 2021