Ուրբաթ 22 Նոյեմբերը բեղուն գործունէութեան օր մը հանդիսացաւ Համազգայինի Կիպրոսի կազմին համար։
Կէսօրին, Նիկոսիայի «Նարեկ» վարժարանի աշակերտութեան համար ներկայացուեցան Յովհաննէս Թումանեանէն եօթը հեքիաթներ, Համազգայինի «Հեքիաթ» պատանեկան թատերախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ բեմադրիչ Վաչէ Տոներեանի։
Երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Հայակական Երեկոյ Լառնաքայի «Moments Hall» սրահին մէջ, աւելի քան 50 լառնաքահայերու մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին նաեւ Նիկոսիայէն համազգայնականներ։
Պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեան իր խօսքին մէջ բացատրեց Պարի Միաւորին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երեկոյին նպատակը՝ համախմբել Լառնաքայի հայութիւնը եւ քննել Լառնաքայի մէջ մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպելու կարելիութիւնը։
Ապա, Էտկար Էվոյեան ելոյթ ունեցաւ հայերէն ու այլ սիրուած երգերով, իսկ «Սիփան» Պարախումբը ներկայացուց երկու հայկական պարեր, խանդավառ ծափեր խլելով ներկաներէն։
Հայկական երգով, պարով եւ համեղ ընթրիքով յագեցած գեղեցիկ երեկոյ մը, որ վստահաբար Լառնաքայի համար առաջինը եւ վերջինը պիտի չըլլայ։