16 Դեկտեմբեր 2007ին, Կլենտէյլ Հայ սքուլի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Անի» պարախումբին հայկական տոհմիկ եւ ազգագրական պարերու տարեկան ելոյթը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պերճ Ալեքսանեան, որ յայտարարեց «Անի» պարախումբի ապագայ ծրագիրներուն եւ 35ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն թուականները: Պերճ Ալեքսանեան, դրուատելով 40է աւելի պարողներու աշխատանքը, շնորհակալութիւն յայտնեց վաստակաւոր բեմադրիչ, պալէի պարուսոյց Նորայր Մեհրաբեանին, որ իր մասնակցութիւնը բերած է ձեռնարկին եւ 1994 թուականէն սկսեալ համագործակցած է «Անի» պարախումբին հետ:
Օրուան հանդիսավար Արա Ղազարեան ողջունեց ազգաշունչ ծրագիրը եւ ներկայացուց ելոյթը բանաստեղծութեան լեզուով եւ ազգային ու հայրենասիրական ոգով: Գլխաւորութեամբ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի եւ Եղիա Հաշօլեանի, պարախումբը ներկայացուց 23 նոր եւ հին պարեր՝ շարժումներու եւ երաժշտութեան ներդաշնակութեան ներքեւ:
Նշենք, որ Սիւզի Բարսեղեան եւ Եղիա Հաշօլեան 33 տարի սիրայօժար եւ անսահման նուիրումով յարատեւած եւ ստեղծագործած են՝ բարձր պահելով «Անի» պարախումբին անունը: