Շաբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2019-ին,Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հայ մամուլին նուիրուած գիտաժողովը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ 2019 թուականը «Մամուլի Տարի» հռչակուելու, «Հայրենիք»-ի 120-ամեակի եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի 85-ամեակի առիթներով։ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանն ու «Հայրենիք» Հաստատութիւնը միասնաբար կազմակերպեցին այս ձեռնարկը, որուն ընթացքին հետաքրքրական զեկուցումներ ու զրոյցներ կատարուեցան։
Անգլերէն բաժնի զրուցավարն էր Համազգայինի առցանց բեմի h-pem-ի խմբագիր, Ռուբէն Ճանպազեանը («Արմինիըն Ուիքլի»-ի նախկին խմբագիր), որ բեմ հրաւիրեց Ճորճի-Անն Օշականը («Արմինիըն Ուիքլի»-ի նախկին խմբագիր), ներկայացնելու համար «Մամուլն ու երիտասարդութիւնը, լեզուական դժուարութիւնն ու այլալեզու մամուլին դերի արժեւորումը» նիւթը, ապա «Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր»-ի փոխ խմբագիր Արամ Արքունը՝ «Մամուլը եւ նորարար արհեստագիտութեան մարտահրաւէրները եւ «տեղեկատուական անվտանգութիւնն ու լրատուութեան հաւաստիութիւնը» նիւթերը։
Ճանպազեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անգլերէնով լոյս տեսնող հայկական թերթերու կարեւորութեան եւ մասնաւորաբար ներկայիս անոնց ունեցած մեծ դերակատարութեան, յատկապէս՝ «Արմինիըն Ուիքլի»-ին։ Ան նաեւ ներկայացուց Համազգայինի առցանց բեմը` h-pem-ը, որ միեւնոյն նպատակին ծառայելու կոչուած է, եւ որ արդիական շունչով կը գործէ, անգլերէն լեզուով է եւ նպատակ ունի հասնիլ սփիւռքահայութեան, յատկապէս` երիտասարդութեան։
Համազգայինի առաքելութիւնը արդիւնաւէտ ձեւով իրագործելու նպատակով՝ 7-րդ Պատգամաւորական ժողովը ընդգծած էր անհրաժեշտութիւնը ստեղծելու արդիական շունչով առցանց բեմ մը՝ հասնելու համար սփիւռքահայութեան, յատկապէս՝ երիտասարդութեան: Մանրամասն ծրագրումէ եւ գործնական աշխատանքներէ ետք h-pem.com‑ը հանրութեան հասանելի դարձաւ 13 Մայիս 2019-ին։
Համազգայինի առցանց բեմին թիրախն է հասնիլ սփիւռքահայ համայնքներուն, կապ եւ լեզու ստեղծել՝ յարաբերելու համար հայերէնէն, հայկականէն եւ հայութենէն հեռացող բազմութիւններուն հետ, մասնաւորաբար՝ նոր սերունդներուն հետ, զանոնք հայ մշակոյթին եւ հայութեան երթին մօտեցնելու հեռանկարով։
Գիտաժողովի բոլոր մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ՝ https://hairenikweekly.com/2019/10/30/40698