
Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Հոլիվուտի «Տաղլեան» մշակութային համալիրի ընդարձակ կառոյցին մէջ, սկիզբ առաւ Համազգայինի Արեւմտեան շրջանի հիմնադրութեան 55-ամեակին նուիրուած յոբելենական խրախճանքը, որ կերտեց պատմական նոր էջ մը միութեան տարեգրութեան մէջ՝ դառնալով գեղեցիկ յուշերու, ապրումներու եւ նոր անկիւնադարձի մը մեկնակէտը, մանաւանդ որ ձեռնարկի հասոյթը եւ այս առիթով հանգանակուած նուիրատուութիւնները պիտի գային աւելնալու Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նախորդ տարիներուն հաստատած մշակութային նոր կեդրոնի ֆոնտին վրայ:
Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող եւ այս նպատակին համար յառաջացած յանձնախումբին ճիգերով իրականացած փառահեղ այս տօնակատարութեան ներկայ եղան առաւել քան 350 համազգայնականներ, նուիրատուներ եւ հրաւիրեալներ, որոնք երեկոյեան ժամը 5-էն սկսեալ ընկերային ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ըմբոշխնեցին տեսակ-տեսակ հիւրասիրութիւնը, վայելեցին սրահի մուտքին հայկական ոճով դասաւորուած լուռ աճուրդի արուեստի գործերը, մինչ քանոնի վրայ Նեկտար Չիլեան հայկական մեղեդիներու քաղցրահունչ նուագներով առաւել հաճելի դարձուց ընկերային ժամը:
Համազգայնական մեծաթիւ ընկերներու ժամանումով, դահլիճը կենդանացաւ զուարթ արտայայտութիւններով. շրջաններէ եկած համազգայնական երէց եւ նոր ընկերներու սիրալիր ողջագուրումները եւ հանդիպումները ստեղծեցին տօնական իւրայատուկ մթնոլորտ մը: