Համազգայինի արեւմտեան եւրոպայի միջ-վարչական անդրանիկ ժողովը տեղի ունեցաւ 18 Մայիս 2019-ին Անթիպի մէջ, Կեդրոնական Վարչութեան եւրոպայի ներկայացուցիչ Սելլա Թնճուկեանի բնակարանին մէջ։ Ժողովին ներկայ էին Կեդրոնական Վարչութեան եւրոպայի ներկայացուցիչ՝ Սելլա Թնճուկեան, Փարիզէն, Վալանսէն, Մարսէյէն, Լոնտոնէն եւ Շուէտէն վարչական պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ՝ Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան։
Ժողովին բացումը կատարեց Սելլա Թնճուկեան: Բարի գալուստի իր խօսքէն ետք ան բացատրեց ներկայ դրութիւնը Համազգայինի մասնաճիւղերուն, որոնք կը գործեն իրարմէ անջատ եւ սահմանափակ պայմաններով: Ան հրաւիրեց Համազգայինի Եւրոպայի մեծ ընտանիքի գործակցութեան ծրագրաւորումը կատարելու, ապա ներկայացուց այս անդրանիկ ժողովին նպատակը եւ յոյս յայտնեց, որ բոլորս միասին աշխատելով կարելի պիտի ըլլայ զարգացնել, տարածել եւ արդիականացնել ընդհանրապէս Համազգայինի գործունէութիւնը ամբողջ Եւրոպայի տարածքին։
Ապա խօսք առաւ Արին Գալուստեան եւ համապարփակ ձեւով ներկայացուց Համազգայինի երիտասարդական (Ֆորում, եութլինքս եւ Արթ լինքս), մանկական ծրագիրներու (մանկական խաղեր, առարկաներ, Արդի տառատեսակ, եւայլն), կրթաթոշակներու, (հայերէնի ուսուցիչի պատրաստութեան եւ դպրոցավարական վարչագիտութեան), Համազգայինի ե գրադարանի, նոր հաստատուած հ-բեմի, Համազգայինի քարոզչական ընկերային ցանցերու գործածութեան մասին տեղեկութիւններ։ Ժողովականները լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին եւ ստացան անհրաժեշտ պատասխաններ։
Ճաշի դադարէն ետք հերթաբար զեկուցումներ ներկայացուցին.
Հեռաձայնային կապով՝ Հօ տը Սէնի նորակազմ Վարչութեան ատենապետուհի՝ Յասմիկ Շահինեան
Վալանսի ատենապետ՝ Շանթ Հարպոյեան,
Շուէտի Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Լիլիթ Խաչերեան,
Լոնտոնի ատենապետ՝ Հրաչ Պօղոսեան,
Փարիզի ատենապետ՝ Արա Գրիգորեան
Մարսէյի Ճեմարանի խնամակալութեան անունով՝ Շաքէ Ժամկոչեան։
Անոնք զեկուցեցին իրենց շրջաններու թուային պատկերի, կատարած եւ կատարելիք ծրագիրներու, շրջանի յաջողութիւններու եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։
Ընդհանուր գիծերու մէջ որոշուեցաւ զարկ տալ քարոզչական աշխատանքին եւ Եւրոպայի տարածքին զանազան հանդիպումներու եւ յայտարարութիւններու միջոցով տարածել Համազգայինի լայնածաւալ գործունէութիւնը, զայն սեփականութիւնը դարձնել Եւրոպայի հանրութեան եւ զիրենք մասնակից դարձնել մեր ծրագիրներուն։ Այս գծով որոշուեցաւ նաեւ կատարել եւրոպայի մարդուժի ցանկագրում, քոյր միութիւններու հետ աշխատանքներու համակարգում եւ ուժերու մէկտեղում։
Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքի (եութլինքսի) թուական ճշդուեցաւ 2020 Մայիս ամիսը, Մարսէյ քաղաքի մէջ, մանրամասնութիւնները ճշդուելէ ետք ընկերային ցանցերու միջոցով յայտարարութիւնները կը հրապարակուին։ Յայտնենք, որ Մարսիլիոյ Վարչութիւնը սիրայօժար կերպով ստանձնեց այս Հաւաքի կազմակերպական աշխատանքը:
Ժողովի աւարտին բաժնուեցան հայկական զանազան երգերու ձայնապնակներ, հայ թէ օտար լեզուներով դասախօսութեան ծառայող եւ մանկական գիրքեր, Լալան ու Արայի մակնիշով զանազան առարկաներ, թռուցիկներ։ Ժողովականները խոր գոհունակութիւն յայտնեցին նման ժողովներու գումարման գծով։
Ընկերուհի Թնճուկեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ գտնուող անդամներուն, նկատի ունենալով որ այս ժողովը առաջինն էր Համազգայինի պատմութեան մէջ, յոյս յայտնեց որ ապագային՝ Կիպրոս եւ Յունաստանն ալ կը միանայ ժողովներու, եւ կարելի կ՛ըլլայ յաճախակի դարձնել նման ծրագրային ժողովներու կազմակերպումը։
20 Մայիս 2019
Անթիպ, Ֆրանսա