
Շաբաթ, 1 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին յատուկ հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի «Արիս Սթամպօլեան» Մշակութային Կեդրոնին: Հանդիսաւոր բաժինին բացումը կատարեց եւ ձեռնարկը վարեց Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան փոխատենապետ՝ Յովիկ Սէրայտարեան:
Խօսք առաւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Մանուկ Չուխաճեան, որ անդրադարձաւ երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքին եւ սեփական կեդրոն մը ունենալու երազի իրականացման: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց գլխաւոր բարերարներուն՝ Արիս Սթամպօլեան եւ Ալպէր եւ Թէրրի Պէզճեան ամոլին, եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան այս սեփական կեդրոնի ծրագիրի յաջողութեան:
Յանուն Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան շնորհաւորեց համայնքն ու Համազգայինի ընտանիքը՝ սեփական մշակութային կառոյց մը ունենալու մեծ ձեռքբերման առիթով, որ արդիւնքն է բազմաթիւ նուիրեալներու ժրաջան ջանքերուն, բարերարներու եւ նուիրատուներու անսակարկ աջակցութեան, որոնք գիտակից են մեր մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման կարեւորութեան: Ապա խորին երախտագիտութիւն յայտնեց ներկայի եւ անցեալի բոլոր շրջանային վարչութիւններուն, որոնք ջանք չխնայեցին եւ իրենց ժամանակն ու քսակը առատաձեռնութեամբ տրամադրեցին Համազգայինի ընտանիքին երկարամեայ երազը իրականացնելու ու մաղթեց բարգաւաճ օրեր եւ յաջողութիւն:
Դոկտ. Պապիկեան հրաւիրեց գլխաւոր նուիրատուն՝ Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Անճէլլա Սթամպօլեանները եւ իրենց կատարած իշխանական նուիրատուութեան համար պարգեւատրեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշանով եւ յանձնեց երախտագիտութեան վկայագիրը:
Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ արտասանեց իր սրտի խօսքը եւ բարձրօրէն գնահատեց կատարուած աշխատանքը` հաստատելով, որ նոր շէնքի բացումը ապացոյցն է համազգայինի առաքելութեան հանդէպ եղած հաւատքին ու յանձնառութեան: Կատարուեցաւ կեդրոնի բացման օրհնութիւնը եւ պատուոյ հիւրերը կտրեցին բացման ժապաւէնը:
Բացման պաշտօնական արարողութեան աւարտին, հրաւիրեալները այցելեցին շէնքը, ծանօթանալու մասնաճիւղերու եւ միաւորներու գործունէութեանց եւ մասնակից եղան արուեստի ցուցահանդէսին: