Հինգշաբթի 31 Յունուարի առաւօտեան ՀԱՍԳ Ճեմարանի «Նալպանտեան» սրահէն ներս վերամուտի առաջին ղօղանջներուն հետ կրկին անգամ հնչեցին նաեւ հայրենիքի, Աւստրալիոյ եւ Ճեմարանի հիմներգերը աւետելով սկիզբը ուսումնական նոր տարեշրջանի մը: Վերամուտի հանդիսութեան իր հովանաւորութիւնն ու հայրական օրհնութիւնը բերաւ գաղութիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աղան Սրբ. Արք. Պալիօզեան: Սրբազան Հօր կÿընկերակցէր Հոգեշնորհ Տէր Վարդան Աբեղայ Նաւասարդեան: Ներկայ էին նաեւ Համազգային Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկ. Յակոբ մկրտիչեան, ՀԱՍԳ Ճեմարանի խնամակալ կազմի անդամներ Պրն. Նուպար Մազլումեան եւ Պրն Արա Վարդուկեան, ինչպէս նաեւ 2007 տարեշրջանի 12-րդ կարգի աւարտական դասարանի աշակերտները:
Տնօրէն՝ Պրն. Քայլար Միքայէլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու վերամուտի բարեմաղթանքներով ողջունեց աշակերտներն ու ուսուցչական կազմը, ցանկալով բոլորին յաջողութիւն եւ կորով ուսումնական նոր տարեշրջանին համար: Պրն. Տնօրէնը անդրադարձաւ նաեւ Վարդանանց տօնակատարութեան ըսելով՝ «Պատահական բայց գեղեցիկ զուգադիպութիւն է այսօր, որ Ճեմարանի նոր տարուան բացման հադիսութիւնը կը հանդիպի Վարդանանց տօնակատարութեան, որ մեր ժողովուրդի գոյատեւման տօնակատարութիւնն է: Այս վերամուտին շատ կարեւոր է որ անդրադառնանք Վարդանանքի խորհուրդին, ուր մեր նախահայրերը հաստատեցին թէ՝ մենք կանք ու կը մնանք ինչպէս կÿերկրորդէ ՀԱՍԳ Ճեմարանի նշանաբանը…»: Պրն. Միքայէլեան անգլերէնով եւս տուաւ իր պատգամը կրկին շեշտելով օրուան խորհուրդը:
Վեցերորդ կարգէն Արին Սիմոնեան մեծ ոգեւորութեամբ ընթերցեց Վարդանանքի նուիրուած գրութիւն մը, նոյնքան աշխուժութեամբ Երրորդ կարգէն Արգինա Մուրատեան արտասանեց «Քաջն Վարդան»-ը:
Համազգային Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց Ընկ. Յակոբ Մկրտիչեան, ան նախ բարի գալուստ մաղթեց աշակերտութեան, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան 2008 ուսումնական տարեշրջանին, ապա հրաւիրեց աշակերտները որ ի գործ դնեն իրենց բոլոր ջանքերը եւ իրագործեն լաւագոյնը՝ արձանագրելով բարձր ու նախանձելի յաջողութիւններ: Ընկ. Մկրտիչեան շեշտեց որ այս Ճեմարանը լաւագոյն կրթական եւ ուսումնական հաստատութիւնն է, ուր կրնայ գտնուիլ հայ աշակերտը եւ վստահեցուց ներկաներուն թէ անկասկած տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը եւ վարչակազմը ոչինչ կը խնայեն լաւագոյնն ու կատարեալը հրամցնելու բոլորին:
Իր խօսքի աւարտին Ընկ. Մկրտիչեան միասնաբար Օր Ճէնի Համընտի եւ Պրն. Միքայէլեանի հետ կատարեցին նախորդ տարուան 10-րդ կարգի աշակերտութեան պետական վկայականներու բաշխումը:
Ձեռամբ Սրբազան Հօր, DUX Award-ով պարգեւատրուեցաւ աւարտող աշակերտուհի Նայիրի Աւետիսեան, որ տիրացած էր 2007 տարեշրջանի 12-րդ կարգի աւարտական քննութիւններու բարձրագոյն արդիւնքին:
Ուսուցչուհիներ Տիկ. Արփի Դաւիթեան եւ Տիկ. Ճէնի Լէամպ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով ընթերցեցին Սուրբ Գիրքէն հատուածներ պատշաճ օրուան խորհուրդին:
Բեմ հրաւիրուեցաւ Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը ու նախ բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ ճեմարանի լրիւ կազմին սկսելու ուսումնական բեղուն նոր տարեշրջան մը, ապա անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին, հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւորագոյն թուականներէն Վարդանանք –ին: Հոգեշնորհ Տէր վարդան Աբեղայ Նաւասարդեան կատարեց «Նորահրաշ» շարականի երգեցողութիւնը, սրտառուչ իր ձայնով տպաւորելով ներկաները, որմէ ետք Սրբազան Հայրը լայն բացատրութիւն տուաւ Վարդանանք-ի մասին ըսելով թէ «Վարդանանց պատերազմի ընթացքին միատեղ եկան հոգեւորականը եւ զինուորականը, որպէսզի պաշտպանը հանդիսանան կրօնքին ու հայրենիքին, եւ այդ պատճառով ըսին «Վասն կրօնքի ու Վասն Հայրենեաց» ու այս նշանաբանէն մեկնելով անոնք մղեցին հայրենասիրական պատերազմը..»: Սրբազան Հայրը նաեւ յորդորեց աշակերտներուն, որ ջամբուին կրթութեամբ ու ուսումով եւ դառնան նախ հաւատարիմ զաւակները իրենց ժողովուրդին,ապա՝ արժանի քաղաքացիները այս երկրին: Տէրունական աղօթքով հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին:
Սրբազան հայրն ու ներկայ հիւրերը միասնաբար ուղղուեցան դէպի մանկապարտէզի շէնքը, ուր իրենց կը սպասէին 2008 տարեշրջանի մանկապարտէզի աշակերտներն ու ծնողները: Հաճելի ու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ Սրբազան հայրը պատգամեց նաեւ փոքրերուն եւ անոնց ծնողներուն, բոլորին կրկին յաջողութիւն եւ բարի տարի մը մաղթելով:
Տարի մը եւս ՀԱՍԳ Ճեմարանը իր դռները բացաւ գաղութի փոքրերուն ու պատանիներուն առջեւ, տարի մը յուսադրող գալիք յաջողութիւններով եւ իրագործումներով: Լիայոյս ենք, որ ինչպէս միշտ այս տարի եւս Ճեմարանը կը վայելէ աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը գաղութի հայկական կազմակերպութիւններուն, ծնողներուն եւ մանաւանդ հայրենակիցներուն: Ամրապնդենք մեր հաւատքը հանդէպ այս հայկական հաստատութեան դասելով զայն հայապահպանման մեծագոյն կռուանը ու ապահով ապաստանարանը օտարութեան մէջ հասակ առնող մեր մատղաշ սերունդներուն:
Ն. Սեւակեան