
«Ազդակ» օրաթերթ.- Արդէն երկու տարի է Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսը լոյս կը տեսնէ նոր խմբագրական կազմով մը` գլխաւոր խմբագիր` Սոնիա Քիլեճեան-Աճեմեան, փոխխմբագիր` Նորա Բարսեղեան, խմբագրական խորհուրդ` Քրիստիան Բատիկեան, Մարուշ Երամեան, Վիգէն Թիւֆենքճեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Աւետիս Հաճեան, Վարդան Մատթէոսեան, Շաղիկ Մկրտիչեան, Արքեմնիկ Նիկողոսեան, Արամ Պաչեան, Սեւան Տէյիրմենճեան, Միրնա Տուզճեան եւ Յարութիւն Քիւրքճեան: Ձեւաւորումը վստահուած է Անուշ Ակներեանին, իսկ էջադրումը` Գօգօ Հաւանճեանին:
Խմբագրութեան անդամները երէց եւ երիտասարդ սերունդի գրողներ են, որոնք նոր շունչով, նոր մօտեցումներով եւ նոր տեսիլքով սկսան հրատարակութեան տալ «Բագին»-ը:
Լոյս տեսած են արդէն 2016-ի եւ 2017-ի թիւերը` եռամսեայ հերթականութեամբ, ընդամէնը` 7 թիւ (2016-ի առաջին երկու թիւերը` միացեալ, նուիրուած` Գրիգոր Պըլտեանին):
Նախքան որեւէ խօսք ըսելը` անհրաժեշտ է քանի մը հաստատումներ կատարել:
Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսը արդէն 57 տարիներէ ի վեր լոյս կը տեսնէ եւ ստեղծած է վաստակ մը, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ: Կուտակուած է պատկառելի արխիւ, որ հայ գրականութեան 20-րդ դարու ստեղծագործութիւններու կարեւոր շտեմարան մը կը նկատուի: