
Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Ժան Կարապետեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ու տնօրէնութեան, Շաբաթ, 21 յունիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի համոյթներու ելոյթը:
Ելոյթի սկզբնաւորութեան Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անունով խօսք առաւ Նայիրա Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ հաւաքուած են վայելելու Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի համոյթներու կատարումները, որոնք առիթ պիտի տան երաժշտութեամբ սնանելու եւ գնահատելու մեր երիտասարդ երաժիշտներն ու նաեւ ուսուցիները, որոնց աշխատանքի ու նուիրումի արգասիքն է այս համերգը: Ան յայտնեց, թէ արուեստի ու մշակոյթի շնորհիւ է, որ ազգ մը կը դառնայ իւրայատուկ, իսկ անոր զաւակները կը կրթուին ազգային արժէքներով: Խնամակալութեան անդամը ըսաւ, որ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի համոյթներուն առաքելութիւնն է, դասարանային կեանքին զուգահեռ, խմբական կատարումներու ճամբով կրթել փոքր ու պատանի աշակերտները, անոնց նոր փորձառութիւններու առիթ տալ եւ այդպիսով նաեւ արուեստ ու մշակոյթ սերմանել:
Ելոյթի առաջին բաժինով բեմ բարձրացաւ «Մեղեդի» լարային քառեակը, որ նուագեց` Գրիգոր Նարեկացիի երկու ջութակի համար «Տաղ» ստեղծագործութիւնը, Վիվալտիի 4 ջութակի եւ դաշնամուրի համար «Քոնչերթօ»-ն, Կոմիտաս-Ասլամազեանի «Երկինքն ամպել ա», «Ալ այլուղս» եւ «Հոյ նազան» գործերը, Պախի «Ռոնտօ, Մենուէթթօ, Պատիների»-ն (Սրինգ` Կասիա Լեւոնեան), Հենտըլի «Շեպա թագուհիին ժամանումը», Պրամսի «Հունգարական պար թիւ 5»-ը եւ Աշոտ Ճէնտէրէճեանի մշակած «Ֆիննական փոլքա»-ն: Քառեակի ղեկավար` Արմէն Ճէնտէրէճեան: